Մանուկներու կրթութեան սիրոյն

Լոս Ան­ճըլըսի Ռոզ եւ Ալէք Փի­լիպոս Ազ­գա­յին վար­ժա­րանի 55-ամեակի տօ­նախմբու­թեան առ­թիւ ամե­րիկա­հայ հա­մայնքը 5 մի­լիոն տո­լար հան­գա­նակած է։ Չա­փազանց ու­րա­խալի իրա­դար­ձութիւն՝ հայ­կա­կան լրա­տուական հորի­զոնի յու­սալքիչ ու ան­բա­րեն­պաստ լու­րե­րու ենթախորքին վրայ։ Լու­րը ա՛լ աւե­լի խան­դա­վառող է, եթէ նկա­տի ունենք որ այդ 5 մի­լիոնը կը հանգանակուի հա­կառակ Գա­լիֆո­րնիոյ սար­սա­փելի հրդեհ­նե­րուն հե­տեւան­քով ամե­րիկա­հայե­րուն կրած բազ­մա­թիւ նիւ­թա­կան վնաս­նե­րուն եւ օգ­նութեան կա­րիք ու­նե­ցող­նե­րուն։

Հա­ւաքուած գու­մա­րէն աւե­լի՝ նա­խան­ձե­լի է հա­մայնքը դպրո­ցին շուրջ հա­մախմբե­լու կա­րողա­կանու­թիւնը։ Դպրո­ցը, հա­ւաքա­կանու­թեան մը ապա­գան է։ Որ­քան ան հո­գածու­թեան առար­կայ դառ­նայ, այնքան ամուր հիմ­քե­րու վրայ կը տե­ղադ­րուի հա­մայնքի զար­գա­ցու­մը, աշա­կեր­տութիւ­նը պզտի­կուց վարժեցնելով՝ այնքան հող կը պատրաստուի իրա­րու հետ աշ­խա­տելու, գոր­ծակցե­լու։ Մարտ 15-ի վերոնշեալ տօ­նախմբու­թեան յանձնա­խումբը կրցած է ի մի բե­րել Դպրո­ցի տնօ­րէնու­թիւնը, խնա­մակալ մար­մի­նը, բո­լոր հին ու նոր բա­րերար­նե­րը, նա­խկին սա­ները, տեղ­ւոյն առաջ­նորդը, նոյ­նիսկ Արամ Ա. կա­թողի­կոս ձեւով մը ներ­կայ եղած է դպրո­ցին յղած օրհնու­թեան գի­րով, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ն, ՀՕՄ-ը, ՀՄԸՄ-ը, Հայ դա­տի յանձնա­խումբը, ծնող­ներ, լրաս­փիւռ…։

Ֆրան­սա­հայ դպրոց­նե­րը որ­քան ու­րախ պի­տի ըլ­լա­յին եթէ նման հան­գա­նակու­թիւն կա­րենա­յին իրա­կանաց­նել։ Որ­քան մեծ պի­տի ըլ­լար անոր օգու­տը եթէ հան­գա­նակու­թիւնը առիթ ըլ­լար հա­մայնքը հա­մախմբե­լու։ Վեր­ջա­պէս դպրոց­նե­րուն կա­րիք­նե­րը մեծ են։ Եթէ միայն Փա­րիզի շրջա­նի չորս դպրոց­ները նկա­տի առ­նենք, չորսն ալ նիւ­թա­կան հսկա­յական կա­րիք­ներ ու­նին՝ նո­րոգու­թեան, նոր դա­սարան­ներու, ու­սուցիչ­նե­րու վար­ձատրու­թեան, դպրո­ցի ար­դիակա­նացման, բա­կի հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը մեծցնե­լու հա­մար նոր տա­րածքներու ձեռքբե­րման… Դպրո­ցասէ­րը, դպրո­ցին տա­նիքի նո­րոգու­թեան հա­մար մեծ ծախ­սեր դի­մագ­րա­ւելու հարկադրուեցաւ, դպրո­ցի երկրոր­դա­կան բա­ժնին բա­ցու­մը ար­դէն տա­սը տա­րիէն աւե­լի է լու­ծումի կը սպա­սէ։ Իսիի Թարգման­չա­ցը միջ­նա­կար­գի դա­սարան­նե­ր բա­նալու հա­մար նիւ­թա­կան նպաս­տի պէտք ու­նի, Արնուվի­լի Հրանդ Տին­քը տա­րինե­րու եր­կայնքին դպրո­ցը ըն­դարձա­կելու ծրա­գիր կը հե­տապնդէ։

Մին­չեւ հի­մա իւ­րա­քան­չիւր կա­ռոյց ինքնիր գլխուն ճա­րին նա­յած է։ Թե­րեւս այս բո­լորին մէ­ջէն պէտք է առանձնացնել Ալ­ֆորվի­լի Արա­պեան- Ս. Մեսրոպ դպրո­ցի պա­րագան, որ վա­յելած է նեցուկը ան­կախ կա­ռոյ­ցի մը՝ APCAF-ի (Association pour la Promotion de la Culture Arménienne en France / Ֆրան­սա­յի մէջ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի զարգացման ըն­կե­րակ­ցութիւն), զոր 2007-ին նո­րըն­տիր առաջ­նորդ Նոր­վա­ն Սրբազան իր ընտրութեան առա­ջին օրէն ստեղծեց Թեմին կից, դպրոց կա­ռու­ցե­լու ու մշա­կու­թա­յին զար­գացման զարկ տա­լու նպա­տակով։ Ալ­ֆորվի­լի դպրո­ցին բախտը վի­ճակեցաւ ըլ­լա­լու՝ առաջին օգտուողը APCAF-ի հո­վանա­ւորու­թենէն, որուն շնոր­հիւ 15 Յու­լիս 2015-ին հիմ­նադրու­թիւնը կա­տարուեցաւ Գէորգ Հ. Արա­պեան – Ս. Մես­րոպ վար­ժա­րանին, հո­վանա­ւորու­թեամբ Ֆրան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ­ե­րուն։ APCAF կա­ռու­ցեց նաեւ Մա­րիամ Արա­պեան ման­կա­պար­տէ­զը, որ ան­ցեալ Սեպ­տեմբե­րին պէտք է բա­նար իր դռնե­րը, սա­կայն Գէորգ Արա­պեան – Ս. Մես­րոպ վար­ժա­րանի խնա­մակալ մարմինին անոր՝ APCAF-ի հետ ան­հա­մաձայ­նութիւննե­րու պատ­ճա­ռով, վեր­ջինս ման­կա­պար­տէ­զի յան­ձանձու­մը յանձնեց նոր խնա­մակալ մարմինի մը (AGEFAA)։

Ահա­ւասիկ, իս­կա­կան դժբախ­տու­թիւ­նը. Ալ­ֆորվի­լի դպրո­ցի պա­րագան իրա­պէս նա­խան­ձե­լի կրնար ըլ­լալ, ինչպէս Լոս Ան­ճըլըսի Ռոզ եւ Ալէք Փի­լիպոս Ազ­գա­յին վար­ժա­րանի­նը։ Մա­նուկնե­րուն ապա­գան կը պա­հան­ջէ որ կող­մե­րը հաշ­տութեան եզր գտնեն, զի­րար յար­գեն, տա­րուած հսկա­յական աշ­խա­տան­քը գնա­հատեն։

Վեր­ջա­պէս, APCAF-ը կրնայ դառնալ հա­մայնքի հան­գա­նակու­թեան կեդ­րո­նական մար­մի­նը, բո­լոր դպրոց­նե­րուն կրթա­կան ու մշա­կու­թա­յին կա­րիք­նե­րը հո­գացող, այնպէս՝ ինչպէս Հա­յաս­տան հիմ­նադրա­մը հան­գա­նա­կու­թիւն կը կա­տարէ հիմ­նա­կանին մէջ ի նպաստ Հա­յաս­տա­նի։ Կը բա­ւէ հա­մերաշխ մթնո­լոր­տի մէջ ար­ժա­նապէս գնա­հատել տա­րուած աշ­խա­տան­քը։

Ալ­ֆորվի­լի պա­րագա­յին պէտք է նշել նաեւ քա­ղաքա­պետա­րանին քա­ջալե­րան­քը, տրամադրած նպաստը, որպէսզի երեխաները վայելեն նորա­կառոյց մանկապարտէզի մը բոլոր առաւելութիւնները։

Ժ.Չ. ■