Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած է «Ատենագրութիւն քաղաքական ժողովոյ Ատանայի» հատորին շնորհահանդէսը

Յունուար 12-ին, Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած է «Ատենագրութիւն քաղաքական ժողովոյ Ատանայի» հատորին շնորհահանդէսը։

Գիրքը կազմուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան և Մատենադարանի միատեղ ջանքերով։

Մատենադարանի աշխատակիցներ Արմէն Մալխասեանի, Անահիտ Աստոյեանի, Անի Աւետիսեանի, Սիրանոյշ Ֆահրադեանի եւ Լալա Դաւթեանի աշխատասիրութեամբ պատրաստուած այս հատորը կ՚ընդգրկէ 1905 Մարտ 2-էն մինչեւ 1915 Ապրիլ 10 ինկած ժամանակահատուածի Ատանայի քաղաքական ժողովի ատենագրութիւնները, որոնք Ատանայի Հայոց թեմի առաջնորդութեան հովանիին ներքոյ ապրող բնակչութեան ազգային կեանքը արտացոլող եւ տեղւոյն հայութեան ժողովրդավարութեան մակարդակին մասին վկայող բացառիկ փաստագրութիւններ են։ Գիրքը կը պարունակէ նաեւ Կրօնական ժողովի ու Տնտեսական խորհուրդի խառն նիստերու ատենագրութիւններ։ 

Հատորը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Մատենադարանի՝ այս նիւթին շուրջ առաջին միատեղ հրատարակութիւնն է: Գիրքը լոյս տեսած է «Փիւնիկ» Համահայկական Հիմնադրամին աջակցութեամբ։