Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՐՍԻԼԻԱ – «Արցախի գծով կը մնամ վճռակամ»,– կը հաստատէ նախագահ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Մարսիլիա եռօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս, Յունիս 27-ին հանդիպում ունեցաւ քաղաքի ազդեցիկ տարբեր շրջանակներու (տնտեսական, ճարտարարուեստի, քաղաքական, համայնքային, մարզական, մշակութային, առեւտրական, գիտական-կրթական, եւ այլն) հետ, զորս հրաւիրած էր անձամբ:

Մարսիլիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին,– որուն ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշ,– պատասխանելով իրեն ուղղուած դիմումին՝ “Պարոն նախագահ, Արցախի շրջափակման եւ ազերական յարձակողապաշտ գործողութիւններու դէմ ձեզմէ կը սպասենք առաւել ազդու նախաձեռնութիւն, գործնակա՛ն եւ ոչ միայն բարոյական”, Նախագահը ըսաւ հետեւեալը. “Ես Ալիեւին վրայ աւելի ճնշում բանեցուցած եմ եւ կը բանեցնեմ քան նոյնինքն Փաշինեանը: Ես Արցախի հարցով միակն եմ, որ յստակ կեցուածք ու պատգամ ունիմ”:

Նախագահին այս պատասխանին, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան ըսաւ. “Պարոն նախագահ, մենք իբրեւ Ֆրանսայի քաղաքացի ձեզի կը դիմենք որպէս մեր նախագահը, ինչպէս նաեւ Մինսքի խումբի համանախագահ, եւ կ‘ակնկալենք, որ Արցախի մեր հայրենակիցներուն գործնական զօրակցութիւն ցուցաբերէք:

Գիտենք, որ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան տարբեր առիթներով արծարծած է ձեզի հետ Արցախի տագնապալի եւ յոյժ մտահոգիչ կացութիւնը, մենք ալ մեր կարգին կը դիմենք ձեզի միեւնոյն պահանջով ու միեւնոյն հարթութեան վրայ: Պէտք է յստակ ըլլայ նաեւ, որ մեզի համար անընդունելի է հայապատկան դարաւոր Արցախը Ազերպայճանի կազմին մէջ տեսնելու որեւէ խօսակցութիւն կամ մտադրութիւն”:

Նախագահ Մաքրոն եզրակացուց. “Մի՛ կասկածիք Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի գծով վճռականութենէս: Պիտի շարունակեմ ջանքս, նոյնիսկ եթէ մինչ օրս այս օրակարգով գրեթէ միակն եմ միջազգային ընտանիքէն ներս: Գիտէք նաեւ, որ առաջին անգամ ըլալով Ֆրանսա Հայաստանի իր դեսպանութիւն ուղարկեց զինուորական իր կցորդը, որ պէտք է որոշ բան նշանակէ, չէ՞: Մենք պիտի ընենք մեր կարելին, առաւելագոյնը”: