Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՐՍԻԼԻԱ – Արցախի զօրակցութեան երթ

Յունուար 15-ին, Մարսիլիոյ մէջ տեղի ունեցած է Արցախի զօրակցութեան երթ մը, աւելի քան 300 հոգիի մասնակցութեամբ։

Խաղաղ երթը սկսած է «Միսաք Մանուշեան» պարտէզէն եւ աւարտած՝ Փրատոյի հայկական տաճարին մօտ, անցնելով  նաեւ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի առջեւէն։

Երթը գլխաւորած են Փասքալ Շամասեան եւ Ժերար Գրիգորեան, որոնք «Վազել՝ յանուն յիշողութեան» ընկերակցութեան հիմնադիրներն են։ Եօթը քիլոմեթր ճամբու ընթացքին քայլերթի մասնակիցները դատապարտած են Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը, միջազգային հանրութենէն պահանջելով գործնական քայլերու դիմել՝ Բերձորի միջանցքը բանալու ուղղութեամբ։

Շրջանի տեղական մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է ձեռնարկին։