Մարսիլիա-Երեւան զուգորդուած քաղաքներ հռչակուեցան

Փետրուար 28-ին, Մարսիլիոյ քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց՝ Երեւան-Մարսիլիա զուգորդուած քաղաքներ հռչակելու քաղաքապետ Պընուա Փայանի առաջարկը։

Ձախէն մինչեւ ծայրայեղ աջ՝ Հայաստանին, հայերուն եւ Հայոց պատմութեան անխախտ զօրակցութիւն յայտնեցին: «Երեւան արդէն Մարսիլիոյ հետ կապուած էր գործընկերութեան համաձայնագրով մը, որ ստորագրուած էր քաղաքապետ Ռոպէր Վիկուրուի օրով (1986-1995)»,– յիշեցուց Տիտիէ Բարաքեան,– «Դուք երջանիկ պիտի ընէք հայկական ծագումով 80.000 մարսիլիացիները»,– ողջունեց Renaissance-ի նախկին երեսփոխանը:

Երկու քաղաքներուն զուգորդութիւնը պաշտօնապէս պիտի իրականանայ Մարսիլիոյ քաղաքապետին Հայաստան այցելութեան ընթացքին՝ յառաջիկայ Ապրիլ ամսուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման առիթով: