ՄԱՐՍԻԼԻԱ – Հայաստանի աւագ հիւպատոսին հանդիպումը Ալփ-Մարիթիմի շրջանային խորհուրդի նախագահին հետ

Մարտ 27-ին, Մարսիլիոյ աւագ հիւպատոս Արա Մկրտչեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ալփ-Մարիթիմի շրջանային խորհուրդի նախագահ Շառլ Անժ Ժինեզիի հետ։

Կողմերը քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցեր, յատկապէս՝ Հայաստանի եւ Ալփ-Մարիթիմ շրջանի միջեւ տնտեսական, մշակութային համագործակցութիւնը։

Հիւպատոսը ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման հեռանկարները եւ այդ բնագաւառին ներուժը։ Ան նաեւ շեշտած է Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ պատմական ու բարեկամական կապերու կարեւորութիւնը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ֆրանսայի եւ մասնաւորապէս Փրովանս-Ալփ-Գոթ-տ’Ազիւր շրջանին մէջ հայկական համայնքի դերակատարութեան։

Քննարկուած են նաեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան ծիրին մէջ իրականացուող ծրագրերն ու յառաջիկայ աշխատանքները։

Երկուստեք անդրադարձած են զբօսաշրջութեան զարգացման եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ  գործակցութեան առնչուող նիւթերուն։