Շաբաթ, Յունիս 28-ին, տօնական մթնոլորտի մէջ՝ համեմուած հայկական աւանդական երաժշտութեան հնչիւններով, բազմաթիւ Ֆրանսացի պաշտօնատարներու եւ հայ ընտանիքներու մասնակցութեամբ, կատարուեցաւ Մարսիլիոյ 11-րդ քաղաքամասը գտնուող «Հայաստանի հանրապարտէզ»-ին բացումը, որ կը ներառուէր Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչումներու շրջանակին մէջ։
Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի հիւպատոս Արա Մկրտչեան, Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեան, ծերակուտական Վալերի Պուայէ, CCAF-ի հարաւային շրջանի համանախագահներ՝ Ազատ Պալալաս-Գազանճեան ու Ժիւլիէն Հարունեան, ընտրեալներ, կռփամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան Արսէն Կուլամիրեան, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։
Կ՚արժէ նշել, թէ սոյն ծրագրին նախաձեռնողն է Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային խորհուրդի եւ Էքս-Մարսիլիա-Փրովանս քաղաքակոյտի նախագահուհի Մարթին Վասալ։ Վերջինիս ներկայութեան Գրիգոր սրբազան հայրը աղօթքով օրհնեց Հայաստանի անունով կոչուող հանրապարտէզը։
Բացման արարողութեան ընթացքին վերջերս տնկուած Հայաստանը խորհրդանշող ծառեր՝ արցախեան նռնենի մը, ծիրանենի, ձիթենի եւ որթատունկ մը, հողով ծածկուեցան եւ ջրուեցան ներկայ պաշտօնատարներուն եւ հիւրերուն կողմէ։
Օրուան պատշաճ ելոյթներէն ետք, Համազգայինի եւ Աբովեան դպրոցներուն աշակերտները, երկու երիտասարդ ջութակահարներ եւ ԺԱՖ-ի պարախումբը գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին ոգեւորուած հանդիսատեսին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։