Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՐՍԻԼԻԱ. Հարաւի CCAF-ի տարեկան ընթրիքը յաջողութեամբ պսակուեցաւ 

Ուրբաթ, Մայիս 13-ի երեկոյեան, Մարսիլիոյ « Golden Tulip Villa Massalia » պանդոկի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հարաւի CCAF-ի տարեկան ընթրիքը, պսակաձեւ ժահրի համաճարակով պայմանաւորուած երկամեայ ընդմիջումէ մը ետք։ 

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) հարաւային ճիւղին երեք համանախագահները՝ Օռոր Պրիւնա, Ժիւլիէն Հարունեան եւ Ազատ Պալալաս-Գազանճեան դիմաւորեցին հիւրերը, որոնց մէջ ուշագրաւ էր մեծ թիւով անձնաւորութիւններու ներկայութիւնը։ Անոնցմէ յիշենք մի քանին՝ Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փեյանը, Պուշ-տիւ-Ռոնի Նահանգային խորհուրդի եւ Փրովանս-Էքս-Մարսէյլ Մեթրոփոլի նախագահուհի Մարթին Վասալը, Շրջանային խորհուրդի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէի (որ կամքէ անկախ պատճառներով չէր կրցած ներկայ ըլլալ) փոխանորդը՝ Լիւտովիք Փերնէն, բազմաթիւ երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, այլ ընտրեալներ, գեղարուեստի եւ մարզական աշխարհի ծանօթ անուններ։ Այս առիթով՝ Փարիզէն քաղաքս ժամաներ էին Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան, Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, CCAF-ի կեդրոնական կազմի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան։ Ներկայ էր նաեւ Մարսիլիոյ մէջ ՀՀ աւագ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան։

Իրերայաջորդ ելոյթներէն առաջ տեղի ունեցաւ երեկոյթի պատուոյ հիւրին՝  «Լա Փրովանս» թերթի եւ «Լը Փուէն» շաբաթաթերթի լուսանկարիչ-թղթակից Ժիլ Պատէրի մեծարումը Հարաւի CCAF-ին կողմէ։ Պատէր 44-օրեայ պատերազմին՝ իր յաճախ սրտայոյզ լուսանկարներու շարքերով փաստագրական կարեւոր ներդրում ունեցած է դէպքերու վկայութեան առումով։  

Այնուհետեւ իրարու յաջորդեցին ճառերը։ Օռոր Պրիւնա, Ազատ Պալալաս-Գազանճեան եւ Ժիւլիէն Հարունեան յիշեցին Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Ապրիլ 24-ին՝ որպէս Ոգեկոչման պաշտօնական օր հաստատման ուղղութեամբ անսպառ ջանքեր գործադրած՝ Կազմակերպութեան անցեալի պատասխանատուներուն անուրանալի վաստակը։ Ողջունեցին Ֆրանսայի Ծերակոյտը, Ազգային ժողովն ու 70-է աւելի տարածքային կառավարման մարմինները, որոնք Ֆրանսայի կողմէ Արցախի ճանաչման պահանջով որոշում քուէարկեցին։ 

Այնուհետեւ խօսք առաւ քաղաքապետ Փեյան, որ քանի մը օր առաջ՝ Յասմիկ Տոլմաջեանին ու Յովհաննէս Գէորգեանին ի պատիւ սարքուած ընդունելութեան առթիւ իր արտասանած ճառը (տե՛ս. «ՆՅ»-ի Մայիս 12-ի թիւը – 1736) գրեթէ կրկնեց բառացի, դրուատելով հայ համայնքի յաջող համարկումն ու ներդրումը Ֆրանսայի կեանքին, Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու՝ 1922-ին Ժոլիէթի նաւահանգիստը ոտք դրած առաջին օրերէն սկսեալ։      

Անկէ ետք խօսք առաւ Լիւտովիք Փերնէ, որ արտայայտուեցաւ Ռընօ Միւզըլիէի անունով։ Հայ ժողովուրդին նկատմամբ իր եւ Շրջանային խորհուրդի նախագահին բարեկամական  զգացումները յայտնելէ ետք, ան եւս անդրադարձաւ Հայոց զոհ դարձած ոճիրին՝ անհերքելիօրէն ցեղասպանական բնոյթին, անոր ժխտումին անհանդուրժելիութեան, ժխտողականութեան ախտին դէմ պայքարի անհրաժեշտութեան եւ այլն։ Յիշեցուց, որ իրենց Շրջանային խորհուրդը 2020 Դեկտեմբեր 17-ին քուէրկեց Արցախի ճանաչումը պահանջող մաղթանք մը։ Աւելցուց, որ նախագահ Միւզըլիէ, հաւատարիմ իր յանձնառութեան՝  Սեպտեմբեր 2-ի թուականը պիտի հաստատէ որպէս «Արցախի ի նպաստ շրջանային օր»։ Փերնէ յայտարարեց նաեւ որ՝ յառաջիկայ Սեպտեմբերին Միւզըլիէ, պատուիրակութեան մը հետ պիտի այցելէ Հայաստան, հաւաստեց նաեւ Շրջանի նախագահին՝ Մարսիլիոյ մէջ եւս ԹՈՒՄՕ կեդրոն մը ստեղծուած տեսնելու ջերմ փափաքը։

Յաջորդեց Մարթին Վասալ, որ սովորական կաղապարներէ հեռու, բացարձակապէս մտերմիկ ոճով մը դիմեց ներկաներուն։ Նախ դրուատեց Հարաւի CCAF-ին տարած աշխատանքը։ Ապա, ան խօսեցաւ իր հայկական արմատներուն, մանկական յուշերուն մասին, նշելով որ մեծ մայրը եւ մայրը այնքան ալ չէին խօսեր ցեղասպանութեան պատճառած տառապանքներուն մասին։ Յայտնեց իր գոհունակութիւնը ի տես նոր սերունդին կողմէ՝ յիշողութեան փոխանցման ջահի ստանձնումին, ինչ որ մեծապէս կարեւոր է մարդկութեան դէմ ոճիրները դատապարտելու եւ նոր ոճիրներ կանխարգիլելու առումով։ Պուշ-տիւ-Ռոնի Նահանգային խորհուրդի եւ Փրովանս-Էքս-Մարսէյլ Մեթրոփոլի նախագահուհին խօսեցաւ դէպի Հայաստան ճամբորդութեան մը կազմակերպման ծրագրին մասին, նաեւ՝ փափաք յայտնեց որ Ֆրանսա ճանչնայ Արցախը։

Վասալի ելոյթին հետաքրքրական բաժիններէն մէկն ալ կը վերաբերէր մարզական ոլորտին։ Ան յայտարարեց, որ ներկայիս ինք կը գործակցի Հայաստանի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան հետ, որ հայ մարզիկները գան ու մարզուին Փրովանս, 2024-ի Ողիմպիական խաղերուն ընդառաջ, որոնք տեղի պիտի ունենան մեծ մասամբ Փարիզի մէջ։   

Ելոյթներու շարքը փակուեցաւ տիկին Տոլմաջեանի արտասանած խօսքով։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկայ խորհրդարանականներուն, ընտրեալներուն, դեսպանուհին եւս գրեթէ կրկնեց քանի մը օր առաջ Մարսիլիոյ քաղաքապետարանին մէջ ըսածները՝ ֆրանքեւհայկական դարաւոր բարեկամութիւն, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ գործադրուող ջանքեր, Ֆրանսայի կողմէ՝ պետական մակարդակով Արցախի ճանաչման պահանջով տարածքային կառավարման մարմիններու քուէարկած որոշումներ…   

Այս ձեռնարկը բացառիկ առիթ էր Հարաւի շրջանի ֆրանսացի ընտրեալներուն՝ հայկական համայնքին արտայայտելու իրենց զօրակցութիւնը  եւ բաժնելու՝  զայն յուզող հարցերը։ Եւ միայն այդ առումով արդէն փայլուն յաջողութիւն էր արձանագրուածը։

Թ.Շ.