Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՐՍԻԼԻԱ – Պրիւնօ Ռըթայօ. « Հայաստան՝ Արեւելքի մէջ վարսուած մեր մէկ բեկորն է» 

Ապրիլ 24-ին, Մարսիլիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ ոգեկոչման արարողութիւն։ Առաւօտեան Պօմոնի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեխօսական կարգէն ետք, հոծ թիւով բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի ցեղասպանութեան նահատակներուն յուշարձանը, ուր զետեղուեցան ծաղկեպսակներ։

Արարողութեան ներկայ էին եւ ելոյթներ ունեցան Ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Ռըթայօ, Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փայան, Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի նախագահ Մարթին Վասալ, Հարաւային Շրջանի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէ, Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արա Մկրտչեան, խորհրդարանականներ, ծերակուտականներ, այլ պաշտօնատարներ եւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ։

Ցեղասպանութենէն ճողոպրածի թոռ՝ Մարթին Վասալ իր ելոյթին, ի միջի այլոց յայտարարեց, որ մօտ ապագային Մարսիլիոյ 11-րդ թաղամասը գտնուող Տընիզի նահանգային հանրապարտէզին մէջ պիտի հաստատուի յիշողութեան տարածք մը։ “Բնութեան մէջ, այս ընտանեկան վայրը պիտի տարածուի 2,7 հեկտարի վրայ Էթուալ լեռնակոյտի ստորոտին։ Ան յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Ցեղասպանութեան զոհ 1,5 միլիոն հայերուն եւ պիտի նպաստէ Պատմութեան փոխանցման՝ երիտասարդ սերունդներուն։ Յիշողութեան այս կարեւոր վայրը պիտի ձգտի ըլլալ միաժամանակ խոկումի եւ կեանքի տարածք մը, որ պիտի շաղկապէ անցեալը, ներկան ու ապագան”,– յայտարարեց Մարթին Վասալ։

Ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Ռըթայօ ամպիոնին առջեւ, ջերմօրէն ծափահարող հասարակութեան դիմաց կրկին արտայայտեց իր զօրակցութիւնը Հայաստանի նկատմամբ։ Ան իր ելոյթը սկսաւ ֆրանսացի գրող, հրապարակախօս Սիլվէն Թեսոնի՝ « Հայաստան՝ Արեւելքի մէջ վարսուած մեր մէկ բեկորն է» խօսքով եւ ողջունեց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու սերունդներուն՝ յիշողութեան պահպանման եւ փոխանցման աշխատանքը։

Նախարարը գոհունակութեամբ յիշեցուց, թէ Ֆրանսա պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2001-ին, Ժաք Շիրաքի նախագահութեան օրօք։

“Ձեր պայքարը նաեւ Ֆրանսայի պայքարն է”,– ըսաւ նախարար Ռըթայօ եւ իր ելոյթը աւարտեց ըսելով. “Կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Արցախի ժողովուրդը, կեցցէ՛ Ֆրանսան”։