Քանի մը օր առաջ, Մարսիլիոյ «ԱՐԱՄ» հետազօտութեան եւ հայկական յիշողութեան արխիւներու ընկերակցութեան կողմէ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան փոխադրուած են արժէքաւոր նմուշներ, փաստաթուղթեր, որոնք կ’ընդգրկեն Մարսիլիոյ «Քամփ Օտտօ»-ի մէջ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ գաղթականներու առօրեայի մասին պատումներ։
Փոխադրուող նմուշներէն մէկը՝ «Նանսէնեան անձնագիրը», ընկերակցութեան տնօրէնուհի Ասթրիտ Արթին Լուսիկեան նուիրած է Պատմութեան թանգարանին։
Թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան, շնորհակալութիւն յայտնելով նուիրատւութեան համար, նշած է, թէ այս բոլոր նմուշները, համադրուելով թանգարանին մէջ պահուող այլ ցուցանմուշներու հետ, շուտով իրենց տեղը պիտի գտնեն եւ հանրութեան պիտի ներկայացուին Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած «Քամփ Օտտօ, Մարսիլիա․ պատմութիւն Ցեղասպանութենէն փրկուածներէն» խորագրով առժամեայ ցուցադրութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։