370.000 եւրօ` ի նպաստ նոր շէնքի շինութեան
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22-ը պատմական օր էր Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքին ու միաժամանակ Մարսիլիոյ Համազգայինի Ճեմարանին համար: Արդարեւ, բարձրաստիճան՝ կառավարական, կղերական, կուսակցական, միութենական ու կրթական ներկայացուցիչներու, բարերարներու ու բարեկամներու ներկայութեան հիմը դրուեցաւ Մարսիլիոյ Համազգայինի Ճեմարանի երկրորդ շէնքին, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդառաջել այն մեծ թիւով աշակերտներու դիմումներուն, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը ստանալ այս երկլեզու օճախին մէջ` միաժամանակ կերտելով իրենց ինքնութիւնը իբրեւ մարդ եւ յա՛տկապէս` իբրեւ հայ մարդ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Մարսիլիոյ Համազգայինի բակին մէջ, ուր Ֆրանսայի ու Հայաստանի փառերգերու եւ Ճեմարանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք հիմնարկէքի կրօնական արարողակարգը կատարեցին` Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան, Շահան արք. Սարգիսեան եւ Մարսիլիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Արշէն քհնյ Մովսէսեան:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան յաջորդաբար հրաւիրեց ներկայացուցիչները, որպէսզի հարազատ վայրերէ բերուած մէկական սրուակ հող աւելցնեն Մարսիլիոյ Ճեմարանի հիմնաքարին, խորհրդանշականօրէն շաղախելով հայրենիքն ու սփիւռքը, անցեալն ու ներկան, եւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցները: Ուստի Համազգայինի Ճեմարանի տնօրէն` Շաքէ Ժամկոչեան` Հայաստանէն, ճեմարանի վարչութեան ատենապետ Ժիլպեր Մարքոյեան` Արցախէն, Համազգայինի տարիներու Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ, այժմ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան` Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մայր կառոյցէն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Թամար Տէր Պետրոսեան` Գասպար Իփէքեանի շիրիմէն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Եւրոպայի ներկայացուցիչ դոկտ. Յասմիկ Շահինեան` Նիկոլ Աղբալեանի շիրիմէն, Լեւոն Շանթի թոռնուհի` Սիւզան (Շուշան) Սեղբոսեան` Լեւոն Շանթի շիրիմէն, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն դոկտ. Փաուլա Եղիայեան` Լիբանանի «Արսլանեան» Ճեմարանէն, Իսի-լէ-Մուլինոյի «Համազգային-Թարգմանչաց» վարժարանի վարչութեան ատենապետ Թադէ Կարապետեան` վարժարանէն բերուած հողերով աւելի եւս ամրացուցին Մարսիլիոյ Համազգայինի Ճեմարանի երկրորդ շէնքի շաղախը: Սրուակի մը մէջ տեղադրուած հիմնագիրը եւս զետեղուեցաւ նոր շէնքի հիմերուն տակ:
Ապա Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փայանի, ՀՅԴ-ի, Համազգայինի եւ տնօրէններու ու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու ձեռամբ զետեղուեցան նոր շէնքի հիմնաքար հանդիսացող աղիւսները:
Խօսք առաւ քաղաքապետ Պընուա Փայան, որ բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին ներդրումը շրջանի բարգաւաճման մէջ: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի բարոյական յատկանիշերուն, անցեալի պատմութեան ու ներկայի նուաճումներուն: Քաղաքապետը իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց Մարսիլիոյ հայ համայնքին ընդհանրապէս ու Համազգայինի ճեմարանին յատկապէս:
Խօսքի աւարտին Ճեմարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնելու պատասխանատուներուն:
Ապա Ճեմարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիքը` ներկայութեամբ Ճեմարանի բարերարներուն ու բարեկամներուն:
Ընթրիքի ընթացքին իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին` 11-րդ եւ 12-րդ շրջաններու քաղաքապետ Սիլվեն Սուվեսթր, Համազգայինի Կեդր. վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան` հայերէնով, դոկտ. Յասմիկ Շահինեանի ֆրանսերէնի թարգմանութեամբ, Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան, Շահան արք. Սարգիսեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Լեւոն Շանթի թոռնուհին, Ճեմարանի վարչութեան ատենապետ Ժիլպեր Մարքոյեան եւ խնամակալութեան անդամ Իշխան Սէմէրճեան, որոնք վեր առին հայ դպրոցի դերը հայապահպանման աշխատանքին մէջ ու շնորհաւորեցին ճեմարանը այս շատ կարեւոր նախաձեռնութեան համար:
Ներկաները` գիտակցելով այս աշխատանքին կարեւորութեան` իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարեցին: Աւարտին հանգանակուեցաւ 370.000 եւրօ` ի նպաստ Ճեմարանի նոր շէնքի շինութեան:
Նուիրատւութիւն կատարելու համար կարելի է դիմել https://www.payasso.fr/ecole-hamaskaine-marseille/dons հասցէին։