Փետրուար 28-ը հանճարեղ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի ծննդեան օրն էր՝ 143-ամեակը։ Աւանդութեան համաձայն, մտաւորականներ, Սարեանի տուն-թանգարանի աշխատակիցները ծաղիկներ զետեղած են «Սարեան» պուրակին մէջ գտնուող նկարիչի արձանին մօտ, այնուհետեւ անոնք գացած են «Կոմիտաս» պանթէոն՝ խոնարհելու Վարպետի շիրիմին առջեւ։
Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի, Սարեանի թոռնուհի, արուեստաբան Ռուզան Սարեան Panorama.am-ի հետ զրոյցին նախ մէջբերած է նկարիչ Գրիգոր Խանջեանի խօսքերը. «Ժամանակ կար, որ ասում էինք՝ գանք Հայաստան, Երեւան, Սարեանին տեսնենք, յետոյ վերածուեց՝ գանք, տեսնենք Սարեանի Հայաստանը»։
“Նա մեզ Սարեանի Հայաստանը թողեց ժառանգութիւն, քանի որ ամբողջապէս փոխուեց մեր երկրի ընկալումը։ Մինչեւ Սարեանը Հայաստանը կերպարուեստում ներկայացւում էր բաւական գորշ, անգոյն, Սարեանն իսկապէս յեղաշրջում կատարեց՝ ցոյց տալով, թէ ի՜նչ գեղեցիկ է մեր բնաշխարհը, ինչ գունեղ, ինչ բազմազան, հարուստ, ինչ շնորհալի եւ տաղանդաւոր ժողովուրդ է ապրում Արագածի լանջերին՝ մաքառելով, կռիւ տալով եւ ստեղծագործելով”,– ըսած է Ռուզան Սարեան։
Մարտ 1-ին Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսին կը ներկայացուին 55 տարիներու ընթացքին թանգարանին կողմէ կազմակերպուած ամէնէն կարեւոր ցուցահանդէսներու պաստառները, վերջին տասը տարիներուն տպագրուած գիրքերը։
“Եօթը տարուց նշելու ենք Սարեանի 150-ամեակը։ Յոյս ունեմ՝ կը նշուի նաև ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մակարդակով, եւրոպական մայրաքաղաքներում հրաշալի ցուցահանդէսներով։ Եթէ մենք դա չանենք, մեր փոխարէն ոչ ոք դա չի անելու։ Մենք պէտք է սովորենք մեր մշակոյթը ներկայացնել աշխարհին։
Ունենք եօթը տարի, ունենք հրապարակելու ծով նիւթ, պէտք է աւարտենք նրա նամականիի տպագրութիւնը, տպագրենք Սարեանի անյայտ, քիչ ծանօթ կտաւների ալբոմներ։ Շատ գործ կայ, պէտք է բոլորս միասին լծուենք այդ աշխատանքին”,– ընդգծած է Սարեանի թոռնուհին։