Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Մարտիրոս Սարեան․ ծանօթ եւ անծանօթ դէմքեր» առժամեայ ցուցահանդէսին բացումը

«Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ

Յունիս 10-ին, «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է «Մարտիրոս Սարեան․ ծանօթ եւ անծանօթ դէմքեր» առժամեայ ցուցահանդէսին բացումը՝ նուիրուած Մարտիրոս Սարեանի ծննդեան 145-ամեակին։

Բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Ալֆրէտ Քոչարեան, Մշակութային ժառանգութեան վարչութեան ղեկավար Աստղիկ Մարաբեան, տարբեր թանգարաններու տնօրէններ, արուեստասէրներ։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են «Եղիշէ Չարենց» թանգարանին մէջ պահուող Սարեանի գործերը՝ կտաւներ, լուսանկարներ եւ վաւերագրեր, որոնց զգալի մասը առաջին անգամ կը ցուցադրուի։ Սարեանի հաւաքածոյին գեղարուեստական բաժինը կ՚ընդգրկէ հայ գրողներու, մշակոյթի գործիչներու՝ ծանօթ եւ անծանօթ շուրջ 60 դիմանկար։

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Յուլիս 10։