Փետրուար 10-ին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ ժողովուրդին զօրակցող եւ շրջափակումը դատապարտող հաւաք մը, կազմակերպութեամբ Լիբանանի ազգային տեղեկատուական կառոյցին եւ իսլամ կրօնական հաստատութիւններուն:
Հաւաքին ներկայ եղած են Լիբանանի կրօնական եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, քաղաքական գործիչներ, ընկերային ծառայողներ եւ իսլամ կրօնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, հաւաքին ներկայ գտնուած են Սարգիս վրդ. Աբրահամեան եւ Առաքել աբղ. Գատէհճեան: Այս առիթով, Սարգիս վարդապետ արաբերէն լեզուով արտասանած է զօրակցական խօսք եւ ցաւակցութիւն յայտնած՝ երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն ու շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորներուն: