Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Միապետութի՞ւն մը հանրապետութեան մէջ

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՆՔՆԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ-ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ

Գրեց՝ Դոկտ․ Աբէլ քհնյ․ Մանուկեան

 

Ժողովրդավարութիւնը պետական-քաղաքական կառավարման ձեւ մըն է, որ կը լիա­զօրէ ժողովուրդը իրականացնելու քաղաքական վերահսկողութիւն` սահմանափակել կարենալու համար իր ընտրաքուէներով կազմաւորուած պետութեան ղեկավարի իշ­խանութիւնը, քաղաքական իշխանութիւնը բաժնելով պետական մարմիններու միջեւ,– խորհրդարան, կառավարութիւն, սահմանադրական դատարան, մարզպետարան եւ այլն,– եւ կ’ապահովէ քաղաքացիական իրաւունքներու ու անոնց ազատութեան պաշտպանութիւնը։ Ժողովրդավարութեան ընդհանրացած զոյգ՝ ուղղակի եւ ներկայա­ցուցչական տարբերակներէն բացի, նաեւ որոշ երկիրներու մէջ կը կիրառուին ղեկա­վարման այլ ձեւեր, որոնք կը դրսեւորուին իբրեւ մասնակցային, ազատական, խոր­հրդարանական, բազմակարծական, սահմանադրական եւ ընկերվարական ժողովրդա­վարութիւններ բնորոշումներով:

Ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, թէպէտ ժողովրդավարութիւնը միատեսակ չէ, սակայն անոր հիմնական բաղադրիչ կը կազմեն մրցակցային ընտրութիւնները, խօսքի ազա­տութիւնը, անհատական քաղաքացիական ազատութիւնները եւ մարդկային իրա­ւունքներու պաշտպանութիւնը:

Ժողովրդավարական սկզբունքներով կառավարուող երկիրներու մէջ, մեծաւ մասամբ, քաղաքացիները կ’ընտրեն պատգամաւորներ՝ խորհրդարանէն ներս ներկայացնելու եւ հետապնդելու համար իրենց պահանջները, ցանկութիւններն ու շահերը: Ժողովուրդին քուէներով ընտրուած խորհրդարանի անդամները կը քննարկեն ու կ’ամրագրեն օ­րէնքներ, եւ զանոնք իրագործելու համար կը մշակեն համապատասխան քաղաքակա­նութիւն:

Հակառակ Ռուսիոյ, Չինաստանի, Հիւսիսային Քորէայի, Իրանի եւ Ափրիկէի որոշ ոչ-ժողովրդավարական, մենատիրական պետութիւններուն, արեւմտաեւրոպական ժողո­վրդավարութեան համակարգը շատ մը երկիրներու կողմէ որդեգրուած եւ աշխարհի ամենատարածուած կառավարման ձեւերէն մին է։

Հայաստան ժողովրդավար եւ սահմանադրականօրէն կազմակերպուած պետութիւն է՝ ազատ ընտրուած խորհրդարանով եւ գործադիր իշխանութեան գլուխը կանգնած վար­չապետով։ Իբրեւ խորհրդարանական հանրապետութիւն՝ Հայաստան ինքնիշխան պե­տութիւն է, որուն քաղաքական համակարգը հաստատուած է իշխանութիւններու ան­ջատման, մարդկային իրաւունքներու ու հիմնարար ազատութիւններու պաշտպա­նու­թեան, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան եւ ազատ ընտրութիւններու իրաւունքի հիմ­նասիւներուն վրայ։ Անոր օրէնսդիր իշխանութիւնը կը պատկանի Ազգային ժողովին։ Արդարեւ, Հայաստան խորհրդարանական ներկայացուցչութեամբ ժողովրդավար կառավարման համակարգ ունեցող երկիր մըն է, որուն պետական իշխանութիւնը կը բխի ժողովուրդէն եւ կ’իրագործուի անկէ ընտրուած ներկայացուցիչներուն միջոցաւ։

Սակայն առաւել ուշագրաւ է, որ այս ժողովրդավարական-սահմանադրական կառա­վարման արժեհամակարգին մէջ Աստուծոյ դրօշին ներքոյ գոյություն ունի հաստատու­թիւն մը, որուն ներքին կարգը եւ որոշումներու կայացման գործընթացը կը հետեւին միապետական կառոյցներու՝ Եկեղեցին: Այսպէս, երբ պետութիւնն ու հասարակութիւ­նը կազմուած են բազմակարծիք եւ թափանցիկ ըլլալու հիմունքներով, Եկեղեցւոյ իշ­խանական կառոյցներուն մեծ մասը ունի վեհապետական, այլ խօսքով՝ նուիրապետա­կան եւ ոչ-ժողովրդավարական ղեկավարման բնոյթ:

Արդարեւ, կառուցուածքային այս լարուածութիւնը ինքնաբերաբար կը բարձրացնէ կեդրոնական հարց մը. ինչպէ՞ս կրնայ ղեկավարման միապետական աւանդոյթ ունեցող կազմակերպութեան մը գոյութիւնը համատեղելի նկատուիլ ժողովրդավարական-սահ­մանադրական պետութեան հիմնարար արժէքներուն հետ, եւ ի՞նչ դեր կը խաղայ Եկե­ղեցւոյ պատմականօրէն ձեւաւորուած յատուկ դիրքը այս իրավիճակին մէջ: Առկայ յօդ­ուածին առաջադրանքն է քննարկել այս հարցը եւ քննադատաբար լուսաբանել, թէ Եկեղեցին որքանո՞վ կը գործէ իբրեւ «իրաւական միապետութիւն» ժողովրդավարա­կան-սահմանադրական պետութեան եւ հասարակարգի շրջանակներուն մէջ։

Արդար գնահատականով մը անդրադառնալու համար նախ պէտք է զանազանել Հայց. առաք. եկեղեցին իր կառավարման իւրայատուկ ձեւին մէջ՝ զայն տարբերելով Հռոմէա­կան կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներէն։ Հայ եկեղեցին աւանդաբար ինքն իրեն գնահատած է իբրեւ կառավարման ժողովրդավարական աւանդոյթներ ունեցող եկե­ղեցի մը։ Առնուազն 447 թուականին գումարուած Շահպիվանի ժողովի կազմութեան մէջ նկատելի կը դառնան նախադրեալները եկեղեցական օրէնսդիր համագումարի մը, որ հայոց եկեղեցական պատմութեան մէջ կը գնահատուի որպէս Ազգային-եկեղեցա­կան ժողով՝ Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսի, 40 եպիսկոպոսներու, բազմաթիւ ե­րէցներու, սարկաւագներու եւ Եկեղեցւոյ համօրէն ուխտի՝ իշխաններու, գաւառապե­տերու, գաւառակալներու, բռնաւորներու, զօրագլուխներու, հարիւրապետերու, ա­զատներու, շինականներու, կուսակալներու, նաեւ բոլոր նախարարներու մասնակցու­թեան համար։ Սոյնը ունի եզակի նշանակութիւն, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէու­թեան պետական կրօն հռչակումէն ոչ իսկ 150 տարի անց, Հայ եկեղեցին իր որոշում­ները կ’առնէ ոչ թէ բացառաբար եկեղեցականներուն մենաշնորհուած իրաւասութիւն­ներով, այլ Եկեղեցւոյ համօրէն ուխտին՝ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներկայա­ցուած մասնակիցներու գործակցութեամբ։

Բայց միթէ՞ այսպէս եղաւ բոլոր ժամանակներու ընթացքին՝ դժուար է ըսել։ Այնուամե­նայնիւ ժամանակի հոլովոյթին եւ պատմութեան վերիվայրումներուն մէջ պահպանուե­ցաւ գոնէ վաւերական աւանդոյթ մը, որ կը յարատեւէ մինչեւ այսօր՝ կրելով առանձնա­յատուկ տիտղոս մը «Հայաստանեայց առաքելական սբ. եկեղեցւոյ ազգային-եկեղեցա­կան ժողով» անունով։

Սոյն ժողովը կը հանդիսանայ Հայ եկեղեցւոյ իրաւական եւ վարչական կառոյցին ամե­նահեղինակաւոր մարմինը՝ խտացնելով իր մէջ օրէնսդրական, որոշումներու կայաց­ման եւ ընտրական բոլոր լիազօրութիւնները։

Անդրադառնալով Հայ եկեղեցւոյ այս կարեւորագոյն կառոյցին՝ Մայր աթոռ սբ. Էջ­միածնի կայքէջը անոր իրաւասութիւններուն մասին կը նշէ.

«ա. Կ’ընտրէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը։

բ. Որոշումներ կ’ընդունի ազգային-եկեղեցական հիմնահարցերու վերաբերեալ։

գ. Որոշումներ կ’ընդունի դաւանաբանական, ծիսական, կանոնական, ինչպէս նաեւ վարչական կառավարման էական հիմնահարցերու վերաբերեալ։

դ. Կ’ընդունի Հայց. առաք. սբ. եկեղեցւոյ սահմանադրութիւնը եւ անոր մէջ կա­տարուած փոփոխութիւններն ու լրացումները։

ե. Կը սահմանէ Հայց. առաք. սբ. եկեղեցւոյ կառոյցներուն կարգավիճակը` հոգե­ւոր իշխանութեան, պատասխանատւութեան, իրարու հետ փոխյարաբերու­թիւններու սահմաններն ու կարգը, ինչպէս նաեւ անոնց գործունէութեան նկատ­մամբ վերահսկողութեան ընթացակարգերը։

զ. Կը սահմանէ այլ եկեղեցիներու, կրօնական համայնքներու, պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ փոխյարաբերութեան հիմնա­դրոյթները։

է. Կը լսէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժո­ղովին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, ինչպես նաեւ իր կողմէ ձեւաւորուած յանձնաժողովներու զեկոյցները, եւ ըստ անհրաժեշտութեան կը կայացնէ որո­շումներ։

ը. Իր որոշումներուն իրագործումը վերահսկելու նպատակով, անհրաժեշտու­թեան պարագային, կը ձեւաւորէ համապատասխան յանձնաժողովներ։

թ. Կ’ընդունի Ազգային-եկեղեցական ժողովին կանոնակարգը։

ժ. Կ’ընտրէ Ազգային-եկեղեցական ժողովին դիւանը»[1]։

Այսուհանդերձ, Հայ եկեղեցիին «ժողովրդավարական» բնութագիր ընծայող այս եզակի կառոյցն ալ զերծ չէ բացթողումներէ, որոնք յատկապէս վերջին շրջաններուն առաւել եւս զգալի դարձան ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ, եւ այս առումով յառաջացած բարդութիւնները չեն նպաստեր Եկեղեցին եւ հասարակութիւնը դրական լուծումներու ուղղորդելու։

 

Ազգային-եկեղեցական ժողով հրաւիրելու լիազօրութեան խնդիրը

Մայր աթոռ սբ. Էջմիածնի վերը մէջբերուած կայքէջը կը նշէ.

«Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի նիստը կը հրաւիրէ Ամենայն հայոց կաթողիկո­սը: Իսկ Կաթողիկոսական աթոռի թափուր ըլլալու պարագային Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան համար Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի արտահերթ նիստ կը հրաւիրուի Կաթողիկոսական տեղապահին կողմէ վեց ամսուայ ըն­թացքին»:

Այսպէս յստակ կը դառնայ, որ Ազգային-եկեղեցական ժողով հրաւիրելու իրաւասութիւ­նը սահմանափակուած է բացառաբար երկու անձերու պաշտօնին մէջ՝ յանձինս Ամե­նայն հայոց կաթողիկոսին եւ իր վախճանման առթիւ եպիսկոպոսական արտահերթ ժողովէն ընտրուած Կաթողիկոսական տեղապահին։

Սակայն այս կանոնակարգը ինքնին կը յառաջացնէ եկեղեցաբանական եւ կառու­ցուածքային լուրջ խնդիր։ Նախ, որ կաթողիկոսական տեղապահի գործունէութիւնը պայմանաւորուած է կաթողիկոսի վախճանումով եւ աթոռի թափուր մնալու փաստով։ Պաշտօն մը, որ կը գոյատեւէ առաւելագոյնը վեց ամիս՝ մինչեւ նոր կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը։ Սոյնը կը նշանակէ, որ Ազգային-եկեղեցական նոր ժողովի մը գումարու­մը հրաւիրելու լիազօրուած միակ հեղինակութիւնը կը մնայ Ամենայն հայոց կաթողի­կոսը։

Վերջին երկու տասնամեակներու եկեղեցական կեանքի վերիվայրումները ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ անհրաժեշտութեան պարագաներուն, երբ կաթողիկոսը կը դժկամի հրաւիրելու Ազգային-եկեղեցական ժողովի մը գումարումը, գոյութիւն ունի ոչ մէկ կա­ռոյց իրականացնելու սոյնը՝ շրջանցելով կաթողիկոսը։ Կրնայ ըլլալ, որ հայոց պատմու­թեան մէջ գոյութիւն ունեցած ըլլան նմանօրինակ նախադէպեր։ Բայց կանոնագիտա­կան առումով հարցը կը մնայ առկախ, թէ ինչքանո՞վ իրաւասութան հիմք ունին նման իրադարձութիւնները։ Զորօրինակ՝ 1441 թուականին, երբ Սիսի մէջ Ամենայն հայոց կա­թողիկոսութեան պաշտօնով տակաւին կ’աթոռակալէր Գրիգոր Թ. Մուսաբէկեանց (1439–1446), Արեւելեան վարդապետներ, Յովհաննէս Հերմոնացիի եւ Թովմա Մե­ծոփեցիի գլխաւորութեամբ, հրաւիրեցին Ազգային-եկեղեցական ժողով եւ Էջմիածնի մէջ կաթողիկոս ընտրեցին Կիրակոս Ա. Վիրապեցին (1441–1443)։ Այդ ժամանակ Արե­ւել­եան վարդապետներ ստոյգ շարժեցան «հարկ լուծանէ զօրէնս» սկզբունքով, գուցէ շրջանցելով Հայ եկեղեցւոյ կանոնական կարգն ու նուիրագործուած աւանդոյթները։ Միեւնոյն է, կատարուած իրողութիւնը պատմականօրէն, նաեւ Եկեղեցւոյ իրաւունքի ընկալումներէն մեկնելով, կը մնայ խնդրայարոյց, որքան ալ արդարացուած ու ազնիւ ըլլային Արեւելեան վարդապետներու նման քայլի մը ձեռնարկելու դրդապատճառները։

Բաց աստի, կիլիկեան շրջանին նաեւ հայոց որոշ թագաւորներ, ինչպէս Հեթում Բ. (1266–1301) լատինասէր, Սիսի մէջ կը հրաւիրէ ժողով մը եւ 1289 թուականին աթոռա­զրկելով Կոստանդին Բ. Կատուկեցին (1286–1289), տեղը կը բազմեցնէ Ստեփանոս Դ. Կլայեցին (1290–1293), իսկ վերջինիս Եգիպտոս գերեվարութենէն ետք իրեն համախոհ՝ Գրիգոր Է. Անավարզեցին (1293–1307)։

Որեւէ կաթողիկոս, բնականաբար, իրմէ աւելի գերադաս ժողով մը պիտի չուզէր հրա­ւիրել, եթէ երբեք համոզուած չըլլար, որ անոր արդիւնքը ի նպաստ իր անձին պիտի վեր­ջանայ։ Ժողով մը, որուն ինք կանոնագրային իմաստով հաշուետու է մասնաւորաբար թերացումներու, հաւատքէ անկումներու, հերետիկոսութեան, հերձուածներ ստեղծե­լու, կուսակրօնութեան ուխտը խախտելու, նիւթական եւ բարոյական տարատեսակ չարաշահումներու, ազգային-եկեղեցական կանոններուն եւ շահերուն դէմ գործելու փաստերու պարագային։

Մայր աթոռ սբ. Էջմիածնի կայքէջը Ազգային-եկեղեցական ժողովի իրաւասութիւննե­րուն անդրադառնալով ցաւօք չի նշեր, որ այդ ժողովը միաժամանակ ամբողջական ու անմնացորդ լիազօրութիւնը ունի կաթողիկոսը աթոռազրկելու, երբ,– ինչպէս վերո­գրեալ նշուեցաւ,– առկայ են չարաշահումներու եւ բացթողումներու ծանրակշիռ պա­րագաներ։ Բնականաբար տրամաբանական եզրակացութիւնը այն է, որ Լուսաւորչի գահուն վրայ Ամենայն հայոց կաթողիկոս ընտրելու միակ իրաւասութիւն ունեցող կա­ռոյցը միաժամանակ ունի ամբողջական լիազօրութիւնը նոյն կաթողիկոսը իրեն վստահուած պաշտօնէն հեռացնելու։

Այս խորապատկերին վրայ կը յառաջանայ հիմնարար եւ կարեւորագոյն ուրիշ հարց մը. արդարեւ ո՞վ է իրաւասու, որ հրաւիրել կարենայ Ազգային-եկեղեցական ժողովը, եթէ կաթողիկոսը չի կատարեր զայն, այլեւ չի հրաժարիր իր պաշտօնէն։ Այսպէս, նմանօրի­նակ դէպքերու առթիւ, Եկեղեցին վարչական առումով խցուած կը մնայ փակուղիի մէջ։ Սոյնը հասկնալի ու մեկին կը դարձնէ, որ ճգնաժամային իրավիճակներու ստեղծման պարագային Հայ եկեղեցւոյ որոշումներ կայացնելու ու անոնց վերահսկողութեան հետեւելու քայլերը երաշխաւորուած չեն։

Ցաւալին այն է, որ Ազգային-եկեղեցական ժողովը իր ներկայացուցիչներու կազմու­թեամբ մնայուն կառոյց չէ։ Այսինքն՝ կաթողիկոս ընտրելու նպատակով հայրենիքի եւ սփիւռքի թեմերէն ներկայացուած պատգամաւորները ընտրական գործընթացը լրաց­նելէ ետք՝ կը դադրին իրենց հանգամանքէն։ Անոնց բերած առաջարկները, թէկուզ կա­րեւորագոյններէն շատեր, կը մնան անգործադրելի, եւ սոսկ արձանագրութիւն Ազգա­յին-եկեղեցական ժողովի ատենագրութիւններուն մէջ։

Արդարեւ այսպէս եղաւ պարագան 3–5 ապրիլ 1995 թուականին գումարուած Ազգային-եկեղեցական ժողովին, ուր նորընտիր կաթողիկոսին հրաւէրով պատգամաւորներ ներ­կայացուցին առաջարկներ, որոնց քննարկումը, ապա ասոնց առնչուած որոշումները կրնային ստոյգ նպաստել Եկեղեցւոյ զարգացման եւ բարեկարգութեան գործընթացին։ Այստեղ շահեկան պիտի ըլլայ նշել ընդամէնը քանի մը օրինակ.

  • «Ազգային-եկեղեցական ժողովի պատգամաւորները մինչեւ Եկեղեցական նոր սահմանադրութեան ընդունումը (երկու տարի ետք) պահեն իրենց պատգամա­ւոր ըլլալու հանգամանքը։
  • Իւրաքանչիւր երկու-երեք տարին հրաւիրել Ազգային-եկեղեցական ժողով:
  • Կաթողիկոսութեան կառավարման առաւելագոյն տարիք համարել 75-ը։
  • Կատարել որոշ բարեփոխութիւններ կուսակրօնութեան ասպարէզին մէջ։
  • Ամուսնացեալ քահանաները կարենան դառնալ կամ ընտրուիլ թեմակալ ա­ռաջ­նորդներ։
  • Ամուսնացեալ քահանաները կարենան դառնալ եպիսկոպոս։
  • Արժանաւոր ամուրի անձեր աոանց կուսակրօնութեան ուխտ կատարելու դառ­նան քահանայ՝ հետագային ամուսնանալու թոյլտւութեամբ։
  • Կանայք սարկաւագ ձեռնադրելու թոյլտւութեան ստացում[2]»:

Ահաւասիկ, Եկեղեցին յուզող առաջադրուած այս հարցերէն ո՛չ մին եւ ո՛չ միւսը նկատի առնուեցան յաջորդող Ազգային-եկեղեցական ժողովի օրակարգին մէջ, յա­ւելեալ՝ 27 հոկտեմբեր 1999 թուականին, այսպէս կոչուած կաթողիկոսական ընտ­րութեան ընթացքին, Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան ստեղ­ծած տխուր մթնոլորտը, հայոց պետական այրերուն դէմ իրագործուած ոճիրը գրե­թէ ընդարմացուց խորքային իմաստով արդիւնաւէտ ժողովականութեան աշխա­տանքային ծրագիրը։

Այնուհանդերձ, 6–8 յունիս 2017 թուականին Մայր աթոռ սբ. Էջմիածնի մէջ գումար­ուած Եկեղեցական-ներկայացուցչական Զ. ժողովը կը քննարկէ 1945 թուականին Ազգային-եկեղեցական ժողովի ընդունած կանոնադրութեան փոփոխութիւններու լրամշակուած նախագիծը: Ժողովականները քուէարկութեամբ կ’ընդունին ներկա­յացուած փաստաթուղթը, որ վերջնականապէս պիտի հաստատուէր յառաջիկայ Ազգային-եկեղեցական ժողովին կողմէ։

Վերատեսութեան ենթարկուած շատ մը յօդուածներու շարքին այս փաստաթուղթը կը նշէ.

«Ազգային-եկեղեցական ժողովի նիստը հրաւիրում է Ամենայն հայոց կաթողի­կոսը` առնուազն եօթ տարին մէկ անգամ: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, ըստ անհրաժեշտութեան, կը հրաւիրէ նաեւ Ազգային-եկեղեցական ժողովի արտա­հերթ նիստ»[3]։

Ութ տարի առաջ առաջադրուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի նիստ հրաւիրելու վե­րաբերեալ այս յօդուածը Եկեղեցին վարչականօրէն կրկին կը կեցնէ փակուղիի մը առ­ջեւ, երբ Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարումը փաստօրէն միանգամայն կը սահ­մանափակէ բացառաբար կաթողիկոսի լիազօրութիւններուն մէջ։ Ուրեմն լիայոյս ըլ­լանք եւ սպասենք յառաջիկայ տարիներու խորհրդաւոր եօթը թիւերու իրականացու­մին.

Ի դէպ, պէտք է նկատի առնել նաեւ հետեւեալ մտահոգիչ պարագաները.

ա. Չեմ խօսիր Հայաստանի թեմերէն ներկայացած պատգամաւորներու հետապանդած շահերուն մասին։ Ներքին սփիւռքի թեմերէն՝ մասնաւորաբար Ռուսիոյ եւ Նոր Նախի­ջեւանի թեմերուն պատգամաւորները, որոնք լուրջ թիւ մը կը ներկայացնեն, անհաւա­նական չէ, որ, ի պահանջել հարկին, հետապնդեն ռուսական գաղտնի ծառայութիւննե­րէ թելադրուած շահեր։ Իսկ Հիւսիսային Ամերիկաներու, նաեւ Եւրոպայի էջմիածնա­կան թեմերէ ներկայացող պատգամաւորները, որոնք նմանապէս մեծ թիւ մը կը կազ­մեն,– սովորաբար անդամներ կամ համակիրներ սփիւռքեան զանազան ազգային-մշա­կութային կառոյցներու, այլապէս՝ տարբեր կուսակցութիւններու,– բնականաբար պի­տի հետապնդեն իրենց պատկանած կազմակերպութեանց հետաքրքրութիւնները եւ պիտի ջանան իրագործել իրենց տրուած համապատասխան թելադրութիւններն ու հրահանգները։ Այսպէս, ստոյգ խնդրայարոյց կը դառնայ Ազգային-եկեղեցական ժողո­վին մէջ առնուելիք որոշումներուն, նաեւ կաթողիկոսական ընտրութեան գործընթացին անաչառութիւնը։

բ. Պատգամաւորներուն ճնշող մեծամասնութիւնը անտեղեակ է Եկեղեցւոյ հնաւանդ ժառանգութեան, կանոններուն, վարդապետութեան, դաւանաբանական-աստուածա­բանական դրոյթներուն, պատմութեան եւ,– ինչո՞ւ հեռուները երթանք,– իցիւ թէ գոնէ մէկ անգամ ծայրէ-ծայր կարդացած ըլլայ Աստուածաշունչը։ Եօթանասուն տարի ա­ռաջուան Ազգային-եկեղեցական ժողովին մասնակցող պատգամաւորներուն, սփիւռքի մէջ երբեմնի թեմական կամ ծխական խորհուրդներու անդամներուն կրօնական բա­նիմացութիւնը սերնդափոխութեան հետ անհետացած է։ Արդի կրթական համակար­գին մէջ գրեթէ վերացած են եկեղեցական պատմութիւն եւ քրիստոնէական դաստիա­րակութիւն առարկաները։ Հետեւաբար, այսպէս կոչուած «սրբագումար ժողովը» ինքնստինքեան կը գտնուի աշխարհիկ մտածելակերպի եւ հոգեբանութեան գերակշի­ռին տակ։ Հայ եկեղեցին անոնցմէ շատերուն համար պատմական յուշարձան մըն է, ազգային գոյութեան կարեւոր յենասիւն մը, զոր պէտք է պահել ձեւականօրէն՝ առանց առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելու անոր հոգեւոր բովանդակութեան, ջերմեռան­դութեան եւ այն առաքելութեան, որ գերազանցապէս կը ձգտի Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան, մահուան եւ յարութեան խորհուրդներուն ընդմէջէն Աս­տուծոյ շնորհած սէրն ու փրկութիւնը տեսանելի ու արդիւնաւէտ դարձնել աշխարհի մէջ խօսքով, գործով, հաղորդակցութեամբ եւ վկայութեամբ։

Արդարեւ, ինչպէս նկատած ենք 1995 եւ 1999 թուականներու Ազգային-եկեղեցական ժողովներու կայացման առթիւ, մասնակցող պատգամաւորներու մեծամասնութեան մօտ եկեղեցական ասպարէզին մէջ անգիտութիւնը բացայայտօրէն Աքիլլէսեան խոցելի գարշապար մըն է, որ հեշտութեամբ կրնայ չարաշահուիլ նոյն ժողովին մասնակցող եկեղեցականներու կողմէ։

Արդ, անհրաժեշտ կը նկատուի ստեղծել հեղինակաւոր եւ անկախ մարմին մը, որ պար­տի կազմուիլ աշխարհական գործիչներէ։ Այս մարմինը, կաթողիկոսին եւ տեղապահին վերագրուող իրաւասութիւններէն բացի, պէտք է ունենայ եկեղեցական կեանքին մէջ ստեղծուած ճգնաժամի պարագային,– հակառակ կաթողիկոսի ընդդիմութեան կամ վե­րապահութեան,– Ազգային-եկեղեցական ժողով հրաւիրելու լիազօրութիւն: Սոյն մար­մինը կը ձեւաւորուի յաջորդ Ազգային-եկեղեցական ժողովին ու կը դառնայ անոր են­թակառոյցը։

Հայ եկեղեցին չունի պետութեան հետ կնքուած համապատասխան պայմանագիր՝ քոն­քորտաթ[4],ինչպէս ան գոյութիւն ունի մասնաւորաբար Վատիկանի եւ շարք մը ինքնիշ­խան պետութիւններումիջեւ։

ՀՀ սահմանադրութեան մէջ կրօնական կազմակերպութիւններուն, ընդսմին Հայ եկե­ղեցիինվերաբերեալ յօդուածները անոնց ամենեւին պետութեան մէջ պետութիւն մը ըլլալու կարգավիճակչեն շնորհեր։

Հայ եկեղեցին, այս պարագային Մայր աթոռ սբ. Էջմիածինը, Վատիկանի նման եկեղե­ցապետութիւն մը չէ եւ պէտք չէ որ ըլլայ՝ պահելու համար իր ազգային, հոգեւոր-բարո­յական նկարագիրն ու գերազանց կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ինչ­պէս այդ մասին ամրագրուած է ՀՀ սահմանադրութեան «Հայաստանեայց առաքելա­կան սուրբ եկեղեցին» առանձին խորագիրը կրող 18-րդ յօդուածի առաջին համարին մէջ.

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու՝ որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժո­ղովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում»[5]:

ՀՀ սահմանադրութեան մէջ նշուած պետութեան կողմէ երաշխաւորուած կրօնական կազմակերպութիւններու գործունէութեան ազատութիւնը եւ պետութենէն անջատ ըլլալու փաստը կամայականութիւն չի նախադրեր։ Հայաստանի մէջ գործող կրօնական կազ­մակերպութիւններու, ընդսմին Հայ եկեղեցիին հոգեւոր առաքելութիւնը իրաւունք չի վերապահեր պետական-քաղաքական ներքին գործերուն միջամտելու եւ հակառակը՝ պետութիւնը կամ օրուան քաղաքական իշխանութեան ներկայացուցիչները իրենց կարգին ներգրաւուելու Եկեղեցւոյ դաւանաբանական, ծիսական եւ հովուական հար­ցերուն մէջ։

Ամփոփելով՝ Հայ առաքելական եկեղեցիին նման ազգային-ժողովրդական կառոյց մը պէտք չէ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց կառչած մնայ իր երբեմնի հաստա­տութենական, միապետական անզիջող դիրքերուն։ Ժամանակակից կեանքը կը բնու­թագրուի ընկերային-հասարակական, գիտական, ճարտարագիտական եւ արհեստա­կան բանականութեան ասպարէզներու աննախընթաց նուաճումներով, որոնք շարու­նակաբար աճող եւ նոր մարտահրաւէրներ կը յղեն աւանդական կառոյցներուն՝ դնելով ազգերն ու ժողովուրդները աննախադէպ յառաջընթացի եւ ինքնորոշման լայն հորի­զոններու առջեւ։ Ինչքան ալ Եկեղեցին ճիգ գործադրէ իր խօսքը հաղորդակից դարձնել արդի սերունդին, միեւնոյն է, աւանդական շատ մը երեւոյթներ այնուհետեւ ընկալելի չեն հասարակութեան լայն խաւերուն։ Ժողովրդավարական-սահմանադրական հան­րապետութեան մէջ, ուր թափանցիկութիւնը, մասնակցութիւնը եւ բազմակարծութիւնը ընկերային-հասարակական կեդրոնական արժէքներ են, չափազանց կարեւոր է, որ Եկեղեցիէն ներս որոշումներու կայացումը նոյնպէս դառնայ աւելի ժողովրդավարական եւ ոչ թէ աւանդական կառոյցներէ կառչած կայանայ բացառաբար միապետա­կան, նուիրապետական եւ, իսկութեան մէջ, կղերապետական սկզբունքով։

Առ այս անհրաժեշտ է, որ որոշակի սահմանափակուի կաթողիկոսի միահեծան հեղի­նակութիւնը։ Այսօրուան վիճակով փաստօրէն Եկեղեցիէն ներս որոշումներ կայացնողը բացառաբար ինք է, իսկ իր շուրջբոլորը գտնուող կառոյցները բառացիօրէն իրեն են­թակայ եւ, խորքին մէջ, իրեն սպասարկող մարմիններ են։ Վկայութիւն մը չունինք, որ այսպէս կոչուած Եպիսկոպոսաց ժողովին կամ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով­ներէն մէկուն մէջ որեւէ եպիսկոպոս կամ աշխարհական ներկայացուցիչ հակադրուի կաթողիկոսի թէկուզ ամենաանհեթեթ որոշումին կամ կամայական ցանկութեան։ Իսկ անոնք, որոնք համակարծիք չեն, բայց չեն բարձրաձայներ իրենց անհամաձայնութիւնը՝ լռելեայն սատարողներ կը հանդիսանան նուիրապետական բրգաձեւ կառոյցին, վերէն-վար թելադրուող հրահանգներուն եւ միահեծան հեղինակութեամբ կայացուած որո­շումներուն։ Սոյնը ենթադրել կու տայ, որ Հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները մեծաւ մա­սամբ, թերեւս ամբողջութեամբ, կաթողիկոսին ենթակայ պաշտօնակատարներ են եւ, հետեւաբար, հիմնականին մէջ ընդամէնը կախեալ, վարչական նուաստ դեր մը կը զբա­ղեցնեն Եկեղեցւոյ որոշումներ կայացնելու ընթացակարգին մէջ։

Իրականութեան մէջ կաթողիկոսն ալ եպիսկոպոս մըն է Եկեղեցւոյ նուիրապետական (սարկաւագ, քահանայ, եպիսկոպոս) եռաստիճան կարգին մէջ։ Ուստի ան, հակառակ իրեն շնորհուած մասնաւոր օծումին, «եպիսկոպոսապետ», «հայրապետ», «ծայրագոյն պատրիարք» եւ «կաթողիկոս» կոչումներուն, կը գլխաւորէ եպիսկոպոսաց դասը՝ որ­պէս primus inter pares, այսինքն՝ առաջինը պաշտօնով հաւասարներուն մէջ: Այսպէս, Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը չի կեդրոնանար մէկ անհատի ձեռքին մէջ, այլ հաւասարա­պէս կը տարածուի բոլոր եպիսկոպոսներուն վրայ՝ բարձրացնելով Եպիսկոպոսաց ժո­ղովի հեղինակութիւնը Հայց. առաք. եկեղեցւոյ վարչական կառոյցէն ներս։

Հայրապետական կոնդակներու վերտառութեան մէջ գործածուած «ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի» տիտղոսը պէտք է ճիշդ ընկալել եւ իրագործել Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Իշխանատենչութիւնը յարիր չէ հոգեւոր առաջնորդի ու սպասաւորի կոչումին։ Եկեղե­ցիին մէջ մեծութիւնը կ’իրականանայ խոնարհութեան եւ ծառայասիրութեան ճամբով։ Եկեղեցւոյ առաջին սպասաւորին գերազանց կարգախօսը պէտք է ըլլայ ծառայել, քան իշխել, քանզի Յիսուսի տիրաւանդ պատգամով ան կոչուած է ոչ թէ էութեամբ ըլ­լալու տէր, այլ ծառայ բոլոր հաւատացեալներուն եւ Հայ եկեղեցիին։ Այսպէս, վերոգրեալ կաթողիկոսի տիտղոսը կը խորհրդանշէ, որ Հայ եկեղեցիին անունով իրեն շնորհուած իշխանութիւնը ոչ թէ հարկադրող, այլ գերազանցապէս հոգացող եւ բառին բուն իմաս­տով որպէս հովիւ պատսպարող եւ առաջնորդող բնոյթ ունի։

Արդեօ՞ք կարիք կայ վերստին յիշեցնելու, որ Հայց. առաք. սբ. եկեղեցւոյ Ազգային-եկե­ղեցական ժողովը Հայ եկեղեցւոյ իրաւական եւ վարչական կառոյցին ամենահեղինա­կաւոր մարմինն է, որուն ճնշող մեծամասնութիւնը կազմուած է աշխարհական պատ­գամաւորներէ։

Հայ եկեղեցին ընդունած չէ «Պապական անսխալականութեան վարդապետութիւն»-ը, որ ԺԹ. դարուն որդեգրեց Կաթողիկէ եկեղեցին Վատիկանի Ա. ժողովին մէջ։ Հայ ժո­ղովուրդը դարերու հոլովոյթին մէջ որքան ալ մեծարած, նոյնիսկ սրբացուցած ըլլայ իր հոգեւոր առաջնորդը՝ զայն բնաւ եւ երբեք չէ նկատած անսխալական կամ անձեռն­մխելի անձնաւորութիւն։ Եւ յետոյ, ի՞նչ կը նշանակէ «ցկեանս»։ Եկեղեցւոյ մէջ ցմահ պաշտօնավարութեան գործընթացը նոյնպէս արժանի է քննադատական մտածողու­թեան: Ի՞նչ կը նշանակէ այսօր մէկը ընտրել «ցմահ», այսինքն զինք պաշտօնի վրայ պահել մինչեւ անոր վախճանը: Այս հնաբոյր սովորոյթը լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ. արդեօ՞ք նման կառուցուածք մը իսկապէս կը նպաստէ եկեղեցական կեանքի բարե­նորոգման եւ կենսունակութեան, թէ՞ փոխարէնը չի յանգեցներ կորդացման ու հաս­տատութենական կաթուածահարութեան: Ժամանակակից, աշխուժ հասարակութեան մէջ կանոնաւոր հաշուետւութիւնը, տարիքային սահմանափակումները եւ անձնակազ­մի թարմացումը կը համարուին ժողովրդավարական կարեւորագոյն սկզբունքներ, իսկ ցմահ պաշտօններու կառչիլը կը թուի միանգամայն ժամանակավրէպ: Այս լուրջ հա­կասութիւնն ու անհամապատասխանութիւնը պէտք է անպայման զգօն քննարկումնե­րու եւ Եկեղեցիէն ներս հնարաւոր բարեփոխումներու առիթ դառնան։

Եկեղեցիէն ներս աւելի մեծ մասնակցութիւն ձեռք բերելու եւ համատեղ որոշումներ կայացնելու հնարաւորութիւններու ընձեռումը, օրինակ՝ աշխարհիկ մարմիններու ներ­գրաւումով, հաւատացեալներու հետ կանոնաւոր խորհրդակցութիւններով եւ հաշուե­տւութեան թափանցիկ մշակոյթով, Եկեղեցին ոչ միայն կ’ամրապնդէ իր հեղինակու­թիւնը, այլեւ կը բարձրացնէ իր հասարակական-ընկերային կեանքին մէջ ունեցած դերն ու նշանակութիւնը, նաեւ համապատասխան ճանաչումը։ Միայն այն եկեղեցին, որ կա­շիէ խունացած աչապահներով չի փակեր իր տեսադաշտը նոր ժամանակներուն դիմաց, նաեւ չի կռնծիր ժամանակի սկզբունքներէն թելադրուած մարտահրաւէրներուն առջեւ, ընդհակառակը՝ զանոնք ամենայն յանձնառութեամբ կը համարկէ իր առաքելութեան մէջ, կրնայ լրջօրէն ճանաչում ձեռք բերել եւ ընունուիլ որպէս հոգեւոր-բարոյական հեղինակութիւն ժողովրդավարական-սահմանադրական պետութեան եւ հասարակու­թեան մէջ։

Նկատի ունենալով Արցախի 44-օրեայ արիւնալի հակամարտութենէն ետք Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգութեան կարեւորագոյն մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ հարեւան Իրանի եւ ամբողջ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ աճող անկայունութիւ­նը, բաց աստի՝ առկայ ընդհանրապէս աշխարհաքաղաքական պայթիւնավտանգ իրա­վիճակը, ՀՀ քաղաքական իշխանութեան եւ Եկեղեցիին միջեւ կը պարտադրէ անմնա­ցորդ ու ամբողջանուէր կառուցողական գործակցութիւն։ Հայ առաքելական եկեղեցին, որպէս երկրի ամենահին հաստատութիւններէն մին, կը վայելէ պատմական վստահու­թիւն եւ բարոյական հեղինակութիւն Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան լայն շերտերուն մօտ։ Պետութեան եւ Եկեղեցիին միջեւ գործակցութիւնը՝ հիմնուած փո­խադարձ յարգանքի, առողջ եւ կառուցողական երկխօսութեան, պարտականութիւն­ներու յստակ բաժանման եւ ընկերային-հասարակական համախմբուածութեան ընդ­հանուր նպատակի վրայ, ստոյգ, մեծապէս կը նպաստէ երկրի ներքին կայունութեան՝ մասնաւորապէս ներկայի լուրջ եւ անկանխատեսելի վտանգ ներշնչող ժամանա­կա­հատուածին մէջ։

Եկեղեցին պէտք է գործէ որպէս մշակութային ինքնութիւն ձեւաւորող ուժ՝ չմիջամտե­լով պետութեան կայացուցած քաղաքական որոշումներուն, իսկ պետութիւնը իր կար­գին պարտի գնահատել Եկեղեցիին դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ,– արդարեւ փաստ մը, որ վերոգրեալ տեսանք ՀՀ սահմանադրութեան համապա­տասխան յօդուածով,– անոր ոչ միայն անցեալին, այլեւ ներկայիս բերած բարոյական, հոգեւոր եւ մշակութային անուրանալի ներդրումներուն համար։ Յատկապէս աշխար­հագրական այնպիսի տարածաշրջանի մը մէջ, ինչպիսին են այսօր ամբողջ Միջին Արե­ւելքն ու ընդհանրապէս Կովկասը, ուր կրօնական եւ քաղաքական լարուածութիւնները առաւել եւս սրած են, աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութիւններուն միջեւ հաւասարա­կշռուած յարաբերութիւնները եւ ազգաշէն գործակցութիւնը էական գործօններ են ազ­գային դիմադրողականութեան ամրապնդման համար:

Հակառակ պարագային ապարդիւն պիտի ըլլան խուճապն ու սարսափի բոլոր ճիչերը՝ «Hannibal ad portas!» «Հանիպալ [իմա՛ թշնամին կը գտնուի] դարպասներուն մօտ», երբ չարաբաստիկ օր մը մեր անհանդուրժողութեան, անմիաբանութեան ու ինքնակործան վրէժխնդրութեան հետեւանքով պետութիւն եւ եկեղեցի, ազգ եւ հայրենիք բաժին դառ­նան անարգ թշնա­միներու։

Դոկտ․ Աբէլ քհնյ․ Մանուկեան

Ժընեւ, 22 յունիս 2025

Բ․ կիրակի զկնի Հոգեգալստեան ­– Տօն է կաթուղիկէ եկեղեցւոյ սրբոյ Էջմիածնի

_______

[1] Տե՛ս  https://www.armenianchurch.org/hy/%D4%B1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6-%D5%A5%D5%AF%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D6%81%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%20%D5%AA%D5%B8%D5%B2%D5%B8%D5%BE/

[2] Տե՛ս Էջմիածին ամսագիր, Դ, 1995, էջ 43–45։

[3] Տե՛ս https://www.armenianchurch.org/hy/sections/%D4%B1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6-%D5%A5%D5%AF%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D6%81%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%20%D5%AA%D5%B8%D5%B2%D5%B8%D5%BE/2017-%D5%A9-%D5%A5%D5%AF%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D6%81%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%AF%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D6%81%D5%B8%D6%82%D6%81%D5%B9%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%AA%D5%B8%D5%B2%D5%B8%D5%BE%D5%AB-%D5%A8%D5%B6%D5%A4%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A1%D5%AE-%D6%83%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%A9%D5%B8%D6%82%D5%B2%D5%A9%D5%A8

[4] Քոնքորտաթը միջազգային պայմանագիր է Սուրբ աթոռի (այսինքն՝ Հռոմի պապի կամ Վատիկանի) եւ ինքնիշխան պետութեան միջեւ: Քոնքորտաթի նպատակն է սահմանել պարտադիր կանոնակարգեր այդ երկրէն ներս Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակին համար:

[5] Նոյն։