Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը՝ նախարար Մխիթար Հայրապետեանի գլխաւորութեամբ, Փետրուար 16–21 այցելած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տհապի, մասնակցելու IDEX 2025 միջազգային համաժողովին եւ ցուցահանդէսին։
Երրորդ անգամ անընդմէջ Հայաստան մասնակցած է «ՀԱՅԱՍՏԱՆ (ARMENIA)» միասնական տաղաւարով, ուր ռազմարդիւնաբերական ոլորտի 11 ընկերութիւններ ներկայացուցած են տեղեկատուական, պաշտպանական եւ ռազմական նշանակութեան արհեստագիտութիւններու, ճարտարագիտական լուծումներու ուղղութեամբ Հանրապետութեան վերջին նուաճումներն ու ներուժը՝ նպատակադրելով միջազգայնացնել հայկական պաշտպանական արտադրանքը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։