Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ. Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տօնին նուիրուած արարողութիւններ

Մայիս 29-ին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 104-րդ տարեդարձին նուիրուած արարողութիւններ տեղի ունեցած են Լոնտոնի մէջ՝ Հայաստանի դեսպանութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմին եւ Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքի խորհուրդի հովանաւորութեամբ։

Պրոմփթընի գերեզմանատան մէջ յարգանքի տուրք մատուցուած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դեսպան զօրավար Յակոբ Բագրատունիի յիշատակին, որուն յաջորդած է Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ բակը գտնուող խաչքարին առջեւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւնը՝ 1918-ի Հանրապետութեան հիմնադիրներուն եւ Սարդարապատի հերոսամարտի նուիրեալներուն յիշատակին։

Դեսպան Ներսէսեան իր ելոյթին մէջ ընդգծած է մայիսեան հերոսամարտերուն ու Հայոց պետականութեան վերականգնումին կարեւորութիւնը, որով հիմքը դրուեցաւ ներկայի Հայաստանի Հանրապետութեան։ ■