Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – ԱՄՆ-ու հայկական եկեղեցիներու առաջնորդները Պայտընին կոչ ըրած են՝ Արցախը Ազերպայճանի կազմին մէջ ներառելու որեւէ փորձի դէմ կանգնելու

Ամերիկայի Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները նամակ մը յղած են ԱՄՆ-ու նախագահ Ճօ Պայտընին՝ նախազգուշացնելով, որ Ազերպայճանի ենթակայութեան տակ գտնուիլը Արցախի համար կը նշանակէ մահուան դատավճիռ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հրապարակած է նամակը։

«Մենք՝ հայկական ծագում ունեցող ամերիկացի քրիստոնեաներու հոգեւոր առաջնորդներս, կոչ կ՚ընենք Ձեզի՝ Արցախի քրիստոնեայ Հայերը Ազերպայճանի կազմին մէջ ներառելու որեւէ փորձի դէմ կանգնելու. այդ երկիրը բացայայտօրէն յանձնառու է Հայերու հայրենիքի այս հնագոյն հատուածի բնիկ բնակչութեան ցեղային զտումին։ Որեւէ կարգաւորում, որ բռնապետական Ազերպայճանին կ՚ենթարկէ ժողովրդավարական Արցախի՝ վտանգի տակ գտնուող քաղաքացիները, մահապատիժ է այս սուրբ հողի Հայերուն համար, որ 120.000 քաջորդիներու եւ անթիւ սրբավայրերու հայրենիքն է»,– գրուած է նամակին մէջ:

Նամակին հեղինակները նաեւ կոչ ըրած են հրաժարելու Ազերպայճանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելէ եւ ընդգծած, որ Ամերիկացիները երբեք պէտք չէ մեղսակից ըլլան ցեղասպանական բռնութիւններուն, զորս Պաքու կրնայ իրագործել Հայոց դէմ: ■