Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան բացման արարողութիւն՝ Քլիվլենտի մէջ

Յունիս 6-ին, տեղի ունեցած է Օհայօ նահանգի Քլիվլենտ քաղաքին մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Ներկայ եղած են  Օհայոյի նահանգային եւ Քլիվլենտի քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, Շիքակոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Օսկար Թաթոսեան, օտար երկիրներու հիւպատոսներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Լիլիթ Մակունց եւ Սերկէյ Էտիլեան

Իր ելոյթին Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունց շնորհաւորելով նորանշանակ պատուոյ հիւպատոս Սերկէյ Էտիլեանը, յոյս յայտնած է, որ պատուոյ հիւպատոսութեան բացումը նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ա՛լ աւելի զարգացման եւ հայ համայնքի ու ԱՄՆ-ու Հայաստանի դեսպանութեան կապերու ամրապնդումին։

Ելոյթներով հանդէս եկած են հիւպատոս Սերկէյ Էտիլեան, Օհայոյի նահանգապետի ներկայացուցիչ Թոպիաս Էնկել, ինչպէս նաեւ Քլայվլընտի քաղաքապետի օգնական Ճեյտըն Պաքսթըր։

Միջոցառումը աւարտած է հայկական աւանդական պարով եւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւններու դաշնակով կատարումով։