Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ. Հայ դատը կը պահանջէ թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիւնը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է Գոնկրէսի ղեկավարութեան, որ պարտադրէ Ազէրպայճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնող՝ Ազատութեան զօրակցելու բանաձեւին թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիւնը: 1992-ին վաւերացուած յաւելուածը 2002-էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջացնելու իրաւասութիւնը, եւ այդ թուականէն ետք բոլոր նախագահները շահագործած են այդ իրաւունքը, այդ պատճառով ալ Ազէրպայճան մի՛այն 2002-էն 2021-ի միջեւ ստացած է առնուազն 164 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն:

Այս բացայայտումը տեղի ունեցած է 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ամերիկահայութեան եւ հայամէտ գոնկրէսականներուն պահանջին հիման վրայ Գոնկրէսի Ընդհանուր հաշուապահական գրասենեակին (GAO) կատարած հետախուզութիւններուն շնորհիւ:

Ծերակուտական Պապ Մենենտեզ շեշտած է, թէ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմին պատճառած մարդկային վնասներուն լոյսին տակ, Պաքուին ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու ներկայ ընթացքը պէտք չէ շարունակուի:

Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ Ընդհանուր հաշուապահական գրասենեակին զեկոյցը լուսարձակի տակ կ՚առնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մութ էջերը, հաստատելով, որ Ուաշինկթըն երկար տարիներէ ի վեր անպատասխանատու կերպով ռազմական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Պաքուի՝ քարիւղով հարուստ, ազգայնամոլ եւ յարձակողապաշտ իշխանութիւններուն: