Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Ձերբակալուած է յանցագործութեան հայկական ցանցի մը 13 անդամ

Անոնք, ի միջի այլոց, Amazon-էն գողցած են աւելի քան 80 միլիոն տոլարի ապրանք

ԱՄՆ-ու մէջ ձերբակալուած է կազմակերպուած յանցագործութեան հայկական ցանցի մը 13 անդամ՝ լուրջ մեղադրանքներով, ներառեալ սպանութեան փորձ, յափշտակութիւն, ապօրինի զէնք կրել եւ աւելի քան 80 միլիոն տոլար արժողութեամբ ապրանքի գողութիւն Amazon-էն։

Ձերբակալութիւնները տեղի ունեցած են Լոս Անճըլըս եւ Ֆլորիտա։ Առգրաւուած է 100.000 տոլար կանխիկ, 3 զրահապատ կառք, 14 հրազէն։ Կը կարծուի, թէ ցանցը կապուած է ռուսական մաֆիային հետ։ Կը նշուի նաեւ որ ցանցէն ներս՝ երկու հեղինակութիւններու՝ Արա Արթունիի եւ Ռոբերտ Ամիրեանի միջեւ եղած են ներքին հաշուեյարդարներ ալ, որոնք յանգած են մինչեւ սպանութեան փորձերու։ 

Անոնց յանցագործութիւններու շարքին գլխաւորաբար կը յիշատակուի Amazon-ի ապրանքներու փոխադրութեան ընթացքին՝ մինչեւ 83 միլիոն տոլարի հասնող գողութիւն, դրամատնային քարտերու խարդախութիւն՝ կեղծ ընկերութիւններով, 2023-ին փոխադարձ սպանութեան փորձեր եւ յափշտակութիւններ։

Ձերբակալուածներուն,– որոնք առայժմ կասկածեալի իրավիճակի մէջ կը գտնուին,– կը սպառնայ 10 տարիէն մինչեւ ցմահ բանտարկութիւն, եթէ անոնք ճանչցուին մեղաւոր։