Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած իր ուղերձին մէջ վերահաստատած է ամերիկեան կողմի յանձնառութիւնը՝ զգօն ըլլալու ընդդէմ ատելութեան կործանարար ազդեցութիւններուն եւ կառուցելու աւելի խաղաղ աշխարհ մը։
Ստորեւ՝ նախագահ Պայտընի ուղերձը.-
«1915 թուականի Ապրիլ 24-ին Օսմանեան իշխանութիւնները Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալեցին հայ մտաւորականներն ու համայնքի առաջնորդները։ Այդպէսով սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ 20-րդ դարու վատթարագոյն զանգուածային կոտորածներէն մէկը։ Այսօր մենք կը յիշենք մէկուկէս միլիոն Հայերը, որոնք տեղահանուեցան, սպանուեցան կամ դէպի մահ քշուեցան ոչնչացման արշաւի ընթացքին, եւ կը սգանք այդքան շատ կեանքերու ողբերգական կորուստը։
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան՝ մենք կը վերահաստատենք մեր խոստումը՝ զգօն ըլլալու ընդդէմ ատելութեան կործանարար ազդեցութեան՝ իր բոլոր դրսեւորումներով։ Մենք վերստին պարտաւոր ենք խօսելու եւ դադրեցնելու կոտորածները, որոնք աշխարհի վրայ մնայուն սպիներ կը ձգեն։ Միաժամանակ, սգալով այն ամէնուն համար, զոր կորսնցուցինք Մեծ Եղեռնին, մենք պէտք է կրկնապատկենք մեր ջանքերը՝ ապաքինելու եւ կառուցելու աւելի՛ լաւ, աւելի՛ խաղաղ աշխարհ մը, որ կը փափաքինք մեր երախաներուն համար։ Աշխարհ մը, ուր կը յարգուին մարդկային իրաւունքները, ուր մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողութեան չարիքներով չի նշանաւորուիր մեր ամէնօրեայ կեանքը, եւ ուր մարդիկ ամէնուր ազատ են իրենց կեանքն ապրելու, արժանապատիւ ու անվտանգ։
Սա նաեւ պահն է՝ խօսելու հայ ժողովուրդի ուժին եւ տոկունութեան մասին։ Ցեղասպանութեան դիմանալէ ետք՝ հայ ժողովուրդը վճռական էր՝ կառուցելու իր համայնքն ու մշակոյթը, շատ յաճախ արդէն նոր տան ու երկրի, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ամերիկայի Հայերը Միացեալ Նահանգներու կենսական մասն են։ Անոնք մեր երկիրը աւելի՛ զօրաւոր ու աւելի աշխուժ կը դարձնեն՝ նոյնիսկ շարունակելով իրենց հետ կրել իրենց նախնիներու ողբերգական յիշողութիւնը։ Մենք կը ճանչնանք անոնց ցաւն ու կը յարգենք անոնց պատմութիւնը։
Այսօր՝ 107 տարի ետք, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ յարգել անոնց յիշատակը, որոնք անհետացան Ցեղասպանութեան ժամանակ»։
Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն արձագանգած է Պայտընի ուղերձին
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Պայտընի այս արտայայտութիւններուն։
«Պատմական փաստերուն եւ իրաւունքին չհամապատասխանող յայտարարությունները վաւերականութիւն չունին: Կը մերժենք ու կը դատապարտենք այդ յայտարարութիւններն ու պնդումները»,– նշուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
«Միակողմանի մօտեցումները, որոնք որեւէ նպատակի չեն ծառայեր, բացի թշնամանք յառաջացնելէ, բարոյապէս խնդրայարոյց եւ քաղաքականապէս վնասակար են: Բարեխիղճ կեցուածքը կը պահանջէ յարգել բոլոր անոնց յիշատակը, որոնք այդ ժամանակաշրջանին տառապանքներ կրած են»,– ի միջի այլոց ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ։