Յունիս 28-ին, Արցախի թեմի նախկին առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան վիրահատութեան ենթարկուած է։ «Կը խնդրենք աղօթել սրբազանին շուտափոյթ ապաքինման համար»,– նշուած է Դիմագիրքեան էջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ ներկայիս Պարգեւ սրբազան կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ երկար ժամանակ է որ առողջական խնդիրներ ունի։