Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Պլինքըն. “Որքան կը մօտենանք համաձայնութեան՝ այնքան աւելի դժուար կը դառնայ գործընթացը”

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Հայաստան եւ Ազերպայճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ եռակողմ հանդիպումէն յետոյ շնորհակալութիւն յայտնած է երկու երկրներու պատուիրակութիւններուն մնայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած անոնց ջանքերուն համար։

Պլինքըն նշած է, որ համաձայնութեան ճամբուն վրայ արձանագրուած է առաջընթաց, կողմերը որոշ լրացուցիչ յօդուածներու շուրջ համաձայնութեան յանգած են, չլուծուած հարցերուն՝ փորձած են մօտենալ աւելի ըմբռնումով, ինչպէս նաեւ ընդունած են, որ վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար դեռ դժուար աշխատանք կայ ընելիք:

“Կը կարծեմ, որ բոլորն ալ յստակ կ՚ըմբռնեն՝ որքան կը մօտենաք համաձայնութեան՝ որոշ հարցերու պարագային՝ այնքան կը դառնայ աւելի դժուար, որովհետեւ, որպէս կանոն, ամենադժուար հարցերը կը թողեն վերջաւորութեան։ Բայց ես մեծապէս կը գնահատեմ այն անկեղծութիւնն ու անմիջականութիւնը, զորս բոլորը դրսեւորեցին։ Ա՛յդ է, ի վերջոյ, փոխըմբռնման եւ, վերջապէս, համաձայնութեան հասնելու ճանապարհը։ Շնորհակալութիւն ձեր երկուքին ալ, որ հոս կը գտնուիք։ Շնորհակալութիւն այս եռօրեայ ընթացքին ձեր կատարած քրտնաջան աշխատանքին համար։ Շնորհակալութիւն արձանագրուած առաջընթացին համար եւ շնորհակալութիւն այս ջանքերը յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն շարունակելու վճռականութեան համար”,– նշած է ամերիկացի նախարարը: