Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԼԱՆՕ – Իտալիոյ հոգեւոր հովիւ Տիրայր վրդ. Յակոբեանի հրաժեշտի պատարագը

Սեպտեմբեր 25-ին, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեան Միլանօ ժամանած է՝ հանդիսապետելու Տիրայր վրդ. Յակոբեանի, իբրեւ Իտալիոյ հոգեւոր հովիւ հրաժեշտի պատարագին։

Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առիթով Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ ըսած է. “Խաչի խորհուրդին մէջ մենք կը տեսնենք զոհողութիւն, յաղթանակ, յաւերժութիւն,—շարունակելով,— Հայաստանի համար այս ծանր ժամանակաշրջանին անգամ մը եւս յիշենք խաչին խորհուրդը եւ ապաւինինք խաչին զօրութեան”։

Խաժակ արք. խօսելով հոգեւոր ծառայութեան եւ առաքելութեան մասին՝ աւետարանական ուղերձով հաւատացեալներուն համար ձեւակերպած է հովիւի կերպարն ու ընելիքը. “Եթէ մէկը կ՚ուզէ իմ ետեւէն գալ, թող վերցնէ իր խաչը եւ հետեւի ինծի։ Այսինքն՝ զոհէ իր անձը՝ ուրիշները սիրելով”։

Սրբազանը բարձր գնահատած է Տիրայր վրդ. Յակոբեանի ծառայութիւնը Իտալիոյ հայկական համայնքին մէջ, միաժամանակ ան ներկայացուցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբան, նորանշանակ հոգեւոր հովիւ՝ Ներսէս աբղ. Յարութիւնեանը։

Յանուն Միլանոյի ծխական համայնքին եւ եկեղեցւոյ վարչութեան՝ ծխական խորհուրդի ատենապետ պրն Սարօ Խուտավերտեան իր գնահատանքը արտայայտած է Հայր Տիրայրի գործունէութեան եւ բարի գալուստ ու բարի ծառայութիւն մաղթած՝ փոխարինող հոգեւորականին։