Մինչեւ Անահիտ եւ Անահիտէն Մարիամ

 

Գրեց՝ Վեհան ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

(«Նոր Յառաջ»)

 

«Հայե­րը ար­տա­կարգ եռան­դով կը պաշ­տեն Անա­հիտը, զա­նազան տե­ղեր անոր անու­նով տա­ճար­ներ կան­գե­ցու­ցած են, յատ­կա­պէս Եկե­ղեաց գա­ւառի (1) մէջ»։

 Ստրա­պոն (ՔԱ. 1 – ՔԵ. 1 դ.)

Ակ­նարկ հայ­կա­կան դի­ցաբա­նու­թեան

Հայ ժո­ղովուրդը իր դա­րաւոր պատ­մութեան ըն­թացքին տար­բեր աս­տուածու­թիւններ պաշ­տած է։ Նախ­նա­դարուն, հայ­կա­կան բարձրա­ւան­դա­կին մէջ ապ­րող ցե­ղերը, պաշ­տած են բնու­թեան տար­րե­րը՝ արե­ւը, ամպրո­պը, ջուրն ու փո­թորի­կը։

Հայ­կա­կան առա­ջին աս­տուած­նե­րու ըն­տա­նիքը կը հա­մարուի Հայկ Նա­հապե­տի ըն­տա­նիքը։ Այս դի­ցարա­նը, որ կազ­մուած է ՔԱ. 3-րդ հա­զարա­մեակին, ունի հե­տեւեալ յստակ տար­բե­րու­թիւնը միւսնե­րէն։ Բո­լոր աս­տուած­նե­րը եղած են մար­դիկ, զորս ժո­ղովուրդը աս­տուածա­ցու­ցած է, ինչպէս Հայկ եւ Արամ նա­հապետ­նե­րը, Արա գե­ղեցիկն ու Տորք Ան­գե­ղը։ 

Վա­նի թա­գաւո­րու­թեան շրջա­նին ար­դէն կը տես­նենք, որ գո­յու­թիւն ու­նի հա­մակար­գուած դի­ցարան։ Իշ­պուինի եւ իր որ­դի Մե­նուա թա­գաւոր­նե­րը, ՔԱ. 9-րդ դա­րուն, այս մա­սին ար­ձա­նագ­րութիւն ձգած են Մհե­րի Դռան վրայ, ուր ներ­կա­յացուած են Վա­նի թա­գաւո­րու­թեան բո­լոր աս­տուած­նե­րը իրենց մա­տու­ցուելիք զո­հերու քա­նակով։ Վա­նի թա­գաւո­րու­թեան գլխա­ւոր աս­տուած­ներն են՝ Խալ­դին (Ու­րարտուի գլխա­ւոր աս­տուած, կի­նը՝ Արու­բա­յինի), Թե­շէյ­բա (Ամպրո­պի եւ փո­թորի­կի աս­տուած, կի­նը՝ Խու­բա), Շի­վինի (Արե­ւի աս­տուած, կի­նը՝ Տուշպէա, որուն անու­նով կա­ռու­ցուած է Տուշպան՝ թա­գաւո­րու­թեան մայ­րա­քաղա­քը, այժմու Վա­նը)։ Վա­նի թա­գաւո­րու­թեան դի­ցարա­նը ու­նե­ցած է 70 աս­տուածու­թիւն, որոնցմէ 35-ը իգա­կան եւ 35-ը արա­կան աս­տուած­ներ եղած են։

Աւե­լի ուշ ՔԱ. 6-րդ դա­րուն Աք­քե­մենեան Պարսկաս­տա­նի ազ­դե­ցու­թեան տակ հա­յերը որ­դեգրած են զրա­դաշ­տա­կան կրօնքի դի­ցարա­նը եւ աս­տուած­նե­րը պատշաճեցու­ցած անոնց, օրի­նակ՝ Ահու­րա Մազ­դա կամ Որ­միզդ աս­տուածը դար­ձած է Արա­մազդ, Արդվի­սու­րան՝ Անա­հիտ, Վե­րեթ­րագնան՝ Վա­հագն եւ այլն։ ՔԱ. 3-րդ դա­րուն հել­լե­նիզ­մի տա­րածու­մով հայ­կա­կան այս դի­ցարա­նը կրած է փո­փոխու­թիւններ եւ աս­տուած­նե­րը պատշաճեցուած են յու­նահռո­մէական դի­ցարա­նին։ Այսպէս՝ Արա­մազ­դը ներ­կա­յացու­ցած է Զեւ­սը, Անա­հիտը՝ Ար­տե­միս / Աֆ­րո­տիթէն, Վա­հագ­նը՝ Արէ­սը, Աստղի­կը՝ Աթե­նասը եւ այլն։

Հա­յաս­տան հել­լե­նիս­տա­կան մշա­կոյ­թի ազ­դե­ցու­թեան տակ մնա­ցած է մին­չեւ ՔԵ. 4-րդ դար, որ­մէ ետք 301-ին ար­դէն քրիս­տո­նէու­թիւնը ըն­դունուած է, որ­պէս պե­տական կրօնք։

Հել­լե­նիս­տա­կան շրջա­նին հա­յոց մայ­րութեան, պտղա­բերու­թեան, ար­գա­սաբե­րու­թեան աս­տուածու­հին Անա­հիտն էր: Զայն ժո­ղովուրդը կո­չած է նաեւ Ոս­կե­մայր, Սնու­ցող մայր, Ոս­կեծղի, Ոս­կե­մատն:

1873 թուակա­նին իտա­լացի առեւտրա­կան Ալեսանտրօ Քաս­տոլլօ­նի Լոն­տո­նի Բրի­տանա­կան թան­գա­րանի տնօ­րէն Չարլզ Նիու­թո­նին կը ներ­կա­յաց­նէ «Յու­նա­կան Աֆ­րո­տիթէ աս­տուածու­հի»-ի (Անա­հիտի) պրոն­զա­ձոյլ գլու­խը, որ գտնուած է 1872-ին Օս­մա­նեան կայսրու­թեան Սա­թալա՝ (հայ.՝ Սա­տաղ) քա­ղաքին մէջ: Նիու­թոն իր կարգին պար­բե­րաբար նա­մակ­ներ կը գրէ Մեծն Բրի­տանիոյ օրուան վարչա­պետ Ուիլ­լիըմ Էուարթ Կլատսթո­նին, որ­պէսզի նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թեամբ պրոն­զա­ձոյլ ար­ձա­նը տե­ղափո­խեն Բրի­տանա­կան թան­գա­րան: Ար­ձա­նին գտնուելէն եր­կու տա­րի ետք կը գտնուի նաեւ ար­ձա­նին մէկ ձեռ­քը կեր­պաս բռնած. ան նոյնպէս կը փոխադրուի Բրի­տանա­կան թան­գա­րան:

Անա­հիտի ար­ձա­նը մեծ ար­ձա­գանգ կը գտնէ արեւմտեան աշ­խարհին մէջ, անոր նկար­նե­րը կը տա­րածուին թեր­թե­րու, գիր­քե­րու եւ հան­դէսնե­րու մէջ: Նոյ­նիսկ յայտնի գրող Օս­քար Ուայլտ իր հիաց­ումը կը յայտնէ նա­մակով մը:

Յայտնաբերումէն շուրջ 150 տա­րի ետք, 2024 Սեպ­տեմբեր 21-ին, Անա­հիտը կարճ ժա­մանա­կով կը վե­րադառ­նայ Հա­յաս­տան, իր պա­տուոյ տե­ղը գտնե­լով Հա­յաս­տա­նի Պատ­մութեան թան­գա­րանին մէջ: Ցու­ցադրու­թիւնը կը կրէ «Մայր Աս­տուածու­թիւն. Անա­հիտից Մա­րիամ» խո­րագի­րը, ուր ներ­կա­յացուած են Վա­նի թա­գաւո­րու­թեան շրջա­նէն մին­չեւ ժա­մանա­կակից մայր աս­տուածու­թիւնն ու Աս­տուածա­մայ­րութիւ­նը՝ Ս. Կոյս Մա­րիամը խորհրդան­շող զար­դեր, ար­ձաններ, իրեր եւ այլ պի­տոյքներ: Առա­ջինը, կը տես­նենք Արու­բա­նի (Խալ­դի Աս­տուծոյ կնոջ) աս­տուածու­հիի ար­ձա­նիկը եւ ՔԱ. 8-5-րդ դա­րերու կրծքա­զարդեր, քրմու­հի­ներու ար­ձա­նիկ­ներ, եւ այլ իրեր: Ապա Անա­հիտն է իր վե­հու­թեամբ: Անոր նա­յելով հա­ղոր­դա­կից կը դառ­նաք հայ ժո­ղովուրդի դա­րաւոր պատ­մութեան: Անցնե­լով յա­ջորդ դար, կը տես­նենք ար­դէն քրիս­տո­նեայ Հա­յաս­տա­նի մէջ աս­տուածա­մօր պաշ­տա­մու­նքը, որ ներ­կա­յացուած է տար­բեր տե­սակի քան­դակնե­րով, եկե­ղեցա­կան վա­րա­գոյր­նե­րով եւ գօ­տինե­րով: Ցու­ցադրու­թեան մէջ տեղ գտած են նաեւ հայ կի­նը խորհրդան­շող տար­բեր իրեր, մա՛նաւանդ աղա­ման­ներ, այնպի­սի պատ­մա­կան նմուշներ, որոնք կը փաս­տեն հայ ժո­ղո­վուրդի կնա­մեծար բնա­ւո­րու­թիւնը: 

Փետ­րուար 25-ին Հա­յաս­տա­նի Պատ­մութեան թան­գա­րանին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ դա­սախօ­սու­թիւն՝ «Բազ­մա­դէմ Սա­տաղեան Անա­հիտը» վեր­նա­գրով: Դա­սախօսն էր Բրի­տանա­կան թան­գա­րանի Յու­նաստա­նի եւ Հռո­մի բաժ­նի վա­րիչ Թոմըս Հար­ի­սըն: Ան նկա­տել տուաւ, որ մին­չեւ օրս ար­ձա­նը թան­գա­րանին մէջ կը ներ­կա­յացուի իբ­րեւ Աֆ­րո­տիթէի ար­ձա­նի տար­բե­րակ, սա­կայն բա­ւական եր­կար ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րէ ետք ինք ան­ձամբ եկած է այն եզ­րա­յան­գումին, որ ար­ձա­նը Անա­հիտինն է, կը պատ­կա­նի ՔԱ. 4-րդ կամ ՔԵ. 2-րդ դա­րուն (ինք աւե­լի հա­կուած է ՔԱ. 4-րդ դա­րուն): Ար­ձա­նը կը կրէ յստակ հել­լե­նիս­տա­կան ազ­դե­ցու­թիւն, սա­կայն ու­նի որոշ տարբերու­թիւններ. օրի­նակ ար­ձա­նի ճա­կատին վրայ ին­կած խո­պոպ­նե­րը աւե­լի նման են հռո­մէական ոճին. յայտնաբերուած վայ­րն ալ կը մղէ մտա­ծելու, որ ան Անա­հիտն է, թէեւ դժուար է աւե­լի ման­րա­մաս­նութիւններ գտնել որով­հե­տեւ ար­ձա­նին մար­մի­նը չկայ: Դա­սախօ­սը նաեւ հա­կուած է հա­մարելու, որ ար­ձա­նին գլու­խը դի­տումնա­ւոր բաժ­նուած է մար­մ­նէն՝ նուիրա­բերե­լու կամ ոչնչաց­նե­լու նկա­տառումնե­րով: Հե­տեւա­բար կա­րելի է են­թադրել որ ար­ձա­նը բերուած է ու­րիշ վայ­րէ մը, օրի­նակ Մեծ Հայ­քէն՝ նուիրա­բերե­լու յոյ­նե­րուն. այսպի­սի սո­վորու­թիւն մը եղած է նոյն աս­տուած­նե­րը պաշ­տող ժո­ղովուրդնե­րուն մի­ջեւ: Յա­մենայն դէպս այս բո­լոր առաջ բե­րուած­նե­րը վար­կածներ են եւ ոչ ոք կրնայ հա­րիւր տո­կոս ճշգրտու­թեամբ տե­ղեկու­թիւն տալ: Դա­սախօ­սու­թեան աւար­տին Հարի­սըն խոս­տա­ցաւ առա­ջին հեր­թին Բրի­տանա­կան թան­գա­րանին մէջ փո­խել ար­ձա­նին անու­նը՝ Anahit of Satala:

Ցու­ցա­հանդէ­սը կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Մարտ 21:

Վ. Պ. ■

———

(1) Եկեղեաց գաւառ՝ Երզնկա