Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները կը քննադատեն ԵՄ-Ազերպայճան կազի համաձայնութիւնները

 

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները կը քննադատեն Եւրոպական Միութեան եւ Ազերպայճանի միջեւ կազի համաձայնութիւնները, ըսելով որ՝ կապոյտ վառելիքի մատակարման դիմաց Ազերպայճան ԵՄ-ը կը ստիպէ աչք գոցելու մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումներու վրայ։

Բրիտանական The Guardian-ը, յղում ընելով Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան, գրած է, որ ԵՄ-ը պէտք է ո՛չ յուշագիր, ո՛չ ալ նոր երկկողմ համաձայնագիր կնքէր Ազերպայճանի հետ՝ առանց քաղաքական բարեփոխումներու պահանջ ներկայացնելու։ Հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը մասնաւորապէս ընդգծած է, որ ԵՄ-ը Պաքուէն պէտք է պահանջէր ազատ արձակել բազմաթիւ քաղաքական բանտարկեալները, փոփոխութեան ենթարկել հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրասփիւռներու խիստ սահմանափակումներու վերաբերեալ օրէնքները։

Յիշեցնենք, թէ անցեալ շաբթուան սկիզբը ԵՄ եւ Ազերպայճան ուժանիւթի բնագաւառին մէջ ռազմավարական գործակցութեան փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրեցին, որով կը նախատեսուի Եւրոպայի մատակարարուող ազերպայճանական կազի ծաւալին կրկնապատկումը։