«Դեկտեմբերի սկիզբը Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու յայտարարեց Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման գործընթացին մասին, որ պէտք է յառաջացնէր հայկական կաթողիկոսութիւններու եւ պատրիարքարաններու արձագանգը»,– Regnum գործակալութեան յօդուածին մէջ գրած է փորձագէտ Սթանիսլաւ Սթրեմիտլովսքի, ընդգծելով որ՝ եկեղեցական օրակարգին վրայ առանցքային տեղ կը գրաւէ «թրքական հարցը», որ անմիջականօրէն կապ ունի Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան հետ։
Յօդուածին մէջ կ՚ըսուի.-
«Սակայն Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը, ապա անկէ ետք բանակցութիւնները սկսելու Երեւանի մտադրութեան հաստատումը ուղղակի մեկնաբանեց մի՛այն հայ կաթողիկէ պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդը: Դեկտեմբեր 14-ին իտալական կաթոլիկ AsiaNews-ին տուած հարցազրոյցին, պատրիարքը ընդգծեց, թէ դիւանագիտական այս նախաձեռնութիւնը “դրական” կը նկատէ: Ըստ անոր՝ “էական տարրն” այն է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հաշտութեան համաձայնութիւն ձեռք բերուի “առանց նախապայմաններու”։
Յամենայն դէպս, կան առանցքային հարցեր. կաթողիկէ պատրիարքը վստահ է, որ Երեւանի կառավարութիւնը “տրամադրուած” է երկխօսութեան եւ համաձայնութեան փնտռտուքով, կ՚աւելցնէ սակայն որ՝ “մենք չենք կրնար յստակ իմանալ հակառակ կողմին դիրքորոշումը”։ Վիճայարոյց հանգոյցներէն մէկն ալ Լեռնային Ղարաբաղի ունեցած պաշարներու խնդիրն է: Խօսքը յատկապէս ջրային աղբիւրներուն կը վերաբերի, որոնք “կը սնուցանեն Հայաստանը”, եւ այժմ կը գտնուին Ազէրպայճանի կողմէ վերահսկուող տարածքին մէջ։ Բացի ատկէ, կը բացատրէ Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ, իր եկեղեցին մտադիր է պաշտպանելու եւ պահպանելու այս տարածքներուն մէջ ապրող կաթոլիկներու “իրաւունքներն ու կենցաղը”։ Իսկ ապագային, ան կը փափաքի իր ուշադրութեան կեդրոնին պահել “կրօնական ազատութեան” հարցը, որ պէտք է ըլլայ փոխադարձ ու արդիւնաւէտ “բոլորին համար”՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
Իսկ այժմ բաղդատենք կաթողիկէ պատրիարքին դիրքորոշումը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ Դեկտեմբեր 27-ի ուղերձին մէջ շարադրուած կարծիքին հետ։ Այնտեղ Արամ Ա. համաձայն է “տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման ծրագրերուն”, բայց “ո՛չ թէ Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութեան, անկախութեան, անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան հաշուոյն”։ Կաթողիկոսը նշեց, թէ Երեւան այսօր կանգնած է “փանթուրանական ռազմավարութեան” առջեւ, զոր միասնաբար կ՚իրականացնեն Անգարա եւ Պաքու։ Ուստի, անընդունելի է Ազէրպայճանի հետ որեւէ համաձայնագրի կնքում, որ կը ճանչնայ անոր իրաւասութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ դրած “նախապայմաններու” ընդունումը։
“Սփիւռքը չի կրնար անտարբեր մնալ նման վտանգաւոր քայլերու նկատմամբ: Ինչպէս բազմիցս ըսած ենք, Սփիւռքը պէտք է գործուն դեր խաղայ համահայկական խնդիրներու քննարկման մէջ”,– ընդգծած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսը։
Մինչդեռ Կաթողիկէ պատրիարքին յայտարարութեան մէջ ապշեցուցիչ է, որ Երեւանի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու վերականգնման համածիրին մէջ, առաջին հերթին, շեշտադրում չկայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան վրայ։ Երկրորդ՝ անորոշութիւն կայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի վերաբերեալ՝ առկայ statu quo-ի ճանաչման ակնարկով: Երրորդ, յատկապէս շեշտադրուած է հայ կաթոլիկներու դերը, որոնք գործնականին մէջ կը բացակային Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն եւ շատ քիչ են բուն Հայաստանի մէջ։ Չորրորդ՝ չէ նշուած հայկական սփիւռքը, որ համոզուած է, թէ բոլոր իրաւունքներն ունի մասնակցելու Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան մշակման հարցերուն։
Այստեղ ակնյայտ են Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիրքորոշման հետ հակասութիւնները։ Այս կացութեան մէջ կ՚երեւի թէ հայ կաթոլիկները կը փափաքին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցային գործընթացը պաշտպանել՝ սփիւռքի եւ անոր վրայ արտաքին կեդրոններու ազդեցութենէն, որ կրնայ բխիլ ինչպէս Նիկոլ Փաշինեանի, այնպէս ալ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակազմի շահերէն։ Ի վերջոյ, ինչպէս ըսաւ Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալըն,– Շիքակոյի Թուրքերու հետ հանդիպումին,– ԱՄՆ-ու հայկական լոպին հակաթրքական տրամադրութիւնները դարձուցած է իր ինքնութեան մէկ մասը, իսկ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը “կ՚ոչնչացնէ” Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի փաստարկները:
Բայց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որ իր շահերն ունի, դժուար թէ համաձայն ըլլայ այս մօտեցումին։ Յիշեցնենք, թէ 2015-ին ան դիմած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան՝ պահանջելով վերադարձնել Սիսի պատմական նստավայրը, ուրկէ ան վտարուած էր 1920-ականներու սկիզբը։ Սահմանադրական դատարանը մերժած էր դիմումը, որուն յաջորդած էր բողոքը՝ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան։ Իսկ յետոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 2019 Յուլիս 30-ին դիմած էր Սիսի դատարան, եւ զանազան ձգձգումներէ ետք, 2021 Մարտ 30-ին կայացած էր առաջին նիստը։
Եթէ Երեւան ու Անգարա միասին պայմանաւորուին, ապա Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ Անգարայէն որեւէ փոխհատուցում ստանալու հեռանկարը պիտի համահաւասարի զերոյի։ Եւ այդտեղէն ալ կը սկսին եկեղեցական գլխաւոր երկու հարցականները. նախ՝ ի՞նչ թաքնուած է հայ կաթոլիկ պատրիարքի խօսքերուն ետին՝ իր սեփական տեսակէ՞տը, թէ՞ ան Վատիկանի դիրքորոշումը կը ներկայացէ շահագրգիռ կողմերու ուշադրութեան։ Երկրորդ՝ ինչո՞ւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Գարեգին Բ. լուռ է ի տես ստեղծուած ծանր կացութեան։ Մենք կ՚ենթադրենք, թէ Էջմիածին պէտք է շահագրգռուած ըլլայ, որ իր ներկայացուցիչները ներառուին Անգարայի հետ երեւանեան բանակցողներուն մէջ։ Բայց տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս պիտի շարունակեն գործել Հայոց կաթողիկոսներն ու պատրիարքները՝ Փաշինեան-Էրտողան մերձեցման ընթացքին, եւ ո՞վ պիտի շահի եկեղեցական առաջնորդներու այժմ դրսեւորուած հակասութիւններէն»,– կ՚եզրափակէ հեղինակը։ ■