Միջազգային քրիստոնէական կայքին համաձայն՝ Ազէրպայճան կը շարունակէ արգիլել հայ ուխտաւորները՝ այցելելու Դադիվանք. հինգ հայ հոգեւորականներ կը շարունակեն մնալ վանքին մէջ՝ մօտակայ շրջանին հաստատուած ռուս խաղաղապահներուն հետ։
Վանականները ամիսներ շարունակ խաղաղապահներու ներկայութեան կը կատարէին իրենց ծէսերն ու աղօթքը։
Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան յայտարարած է, որ անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Ազէրպայճան կը շարունակէ արգիլել վանք այցելութիւնները, նկատի ունենալով որ Դադիվանքը արգիլուած տարածքի մէջ չի գտնուիր։