Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Միրզոյեան՝ Հալէպի մէջ

Փետրուար 23-ի յետմիջօրէին, Արարատ Միրզոյեան ժամանած է Հալէպ, երկրաշարժին հետեւանքով Հայաստանէն Սուրիոյ ժողովուրդին ուղարկուած շուրջ 40 թոն մարդասիրական օժանդակութեան 3֊րդ  բեռնատար օդանաւով։

Հալէպի միջազգային օդակայանին մէջ նախարարը դիմաւորած է Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապ։ 

Նախարարը կարճ հանդիպում մը ունեցած է Հալէպի նահանգապետին հետ օդակայանի պաշտօնական հիւրերու  դահլիճէն ներս։ 

Այնուհետեւ Միրզոյեան իր պատուիրակութեան հետ այցելած է Հայաստանի որոնողափրկարարական խումբի աշխատանքի վայր, Հալէպի «Շաար» թաղամաս, ուր իրազեկ դարձած է երկրաշարժի յառաջացուցած աւերներուն, մարդկային աղէտին եւ կատարուած փրկարարական աշխատանքներուն։ 

Նախարարին այցելութեան վերջին կայանը Հալէպի մարդասիրական առաքելութեան կեդրոնը եղած է, ուր Միրզոյեան ծանօթացած է խումբի աշխատանքին։

Նախարար Միրզոյեանին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կազմած են Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեան, Հալէպի Հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան։