Անթալիոյ դիւանագիտական ժողովի ծիրին մէջ՝ «Հարաւային Կովկասի մէջ շրջանային համագործակցութեան մարտահրաւէրներն ու կարելիութիւնները» խորագրով քննարկման ընթացքին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ԱԳ նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով պատասխանած են բանակցութիւններու ներկայ փուլին շուրջ հարցումներուն։
Պատասխանելով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ համաձայնագրի ստորագրման խոչընդոտներու մասին հարցումին՝ Պայրամով կրկնած է Պաքուի նախապայմանները՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծում եւ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւն։
“Մենք կը հաւատանք, որ այս բոլորէն ետք յաւելեալ խոչընդոտներ պիտի չըլլան խաղաղութեան համար”,– նշած է Պայրամով։
Իր կարգին Արարատ Միրզոյեան, պատասխանելով Պայրամովի դիտարկումներուն՝ ըսած է, որ չի կարծեր թէ անցեալը խորապէս փորելը օգտակար պիտի ըլլայ։
“Կեդրոնանանք ներկայի ու ապագայի վրայ, քանզի եթէ կեդրոնանանք պատմութեան վրայ, տարածքային պատկանելիութեան հարցերու վրայ, այն հարցերու վրայ, թէ ո՛վ զով աւելի շատ սպանած է, մենք պիտի յանգինք այլ հակամարտութեան։ Հայաստան կը փափաքի կառուցել մնայուն խաղաղութիւն, այդ կարգին՝ Ազերպայճանի հետ”,– ընդգծած է Միրզոյեան, շարունակելով.
“Արդեօք այս համաձայնագիրը կը լուծէ՞ բոլոր հարցերը։ Անշուշտ՝ ո՛չ։ Սա հիմք մըն է, սա սկիզբ մըն է յարաբերութիւններու համար”։ Միրզոյեանի համաձայն՝ կը մնան շատ հարցեր, որոնց քննարկումը կարելի է շարունակել ապագային։
“Սա որոշումի ու մօտեցումի հարց է։ Ի՞նչ կ՚առաջարկենք մեր հասարակութիւններուն, մեր տարածաշրջանին՝ փորե՞նք անցեալը, թէ՞ միատեղ ապագայ կառուցենք”,– հարցադրած է ան, դիտել տալով, թէ Հայաստան պատրաստ է Մինսքի խումբի լուծման, բայց ան կրնայ լուծուիլ այն պահուն, երբ չըլլայ հակամարտութիւն։
Պայրամով անդրադառնալով Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերող հարցումին, նշած է թէ քաղաքական տեսանկիւնէն կարեւոր է հասկնալ հայ հանրութեան մօտեցումը, թէ արդեօք ան պատրա՞ստ է վերացնելու «տարածքային յաւակնութիւնները»։
Ազերպայճանի ԱԳ նախարարը պնդած է, թէ «Ազերպայճանի Սահմանադրութեան մէջ չկայ ներկայ Հայաստանի որեւէ տարածքի յիշատակում, հակառակ պարագային, Հայաստան պիտի արծարծէր այս հարցը։ Ան աւելցուցած է, թէ ինչ ալ ներառուի համաձայնագրի բնագրին մէջ, երկրի մայր օրէնքը գերակայ է միջազգային փաստաթուղթի նկատմամբ։
Միրզոյեան նաեւ խօսած է շրջանային հաղորդակցութիւններու շուրջ Ազերպայճանին ըրած առաջարկներու մասին՝ աւելցնելով, թէ ցարդ ո՛չ մէկ պատասխան ստացած են։
Պայրամով յղում ըրած է 2020 Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթի՝ հաղորդակցութիւններու բացման վերաբերող կէտին, եւ շեշտած, թէ իրենց համար «առանցքային կարեւորութիւն ունի անխոչընդոտ կապը Նախիջեւանի հետ՝ երաշխիքներով»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։