Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻՒՆԻԽ – Նախագահ Մաքրոն՝ Ապահովութեան համաժողովի ելոյթին. «Մենք կը շարունակենք Հայաստանի եւ իմ ընկերոջ՝ Նիկոլ Փաշինեանի կողքին ըլլալ»

Միւնիխի համաժողովին ունեցած իր ելոյթին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ Հայաստանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողքին ըլլալ։

Մաքրոնի ելոյթին հիմնական բաժինը կը վերաբերէր ռուս-ուքրաինական հակամարտութեան, սակայն ան նաեւ անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութեան։

“Բնականաբար, իմ ելոյթի առանցքը կը կազմէ Ուքրաինայի նկատմամբ Ռուսաստանի սանձազերծած պատերազմը, բայց պէտք է նշեմ, որ մենք չենք մոռնար Կովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի, Ափրիկէի մէջ ընթացող պատերազմները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, հիւլէական անվտանգութեան առնչուող հարցերը։

Մենք կ՚ուզենք այսօր բացատրել, բացայայտ դարձնել, որ Ռուսաստան անկայունութիւն ստեղծող  ուժ մըն է, որ քաոս կը տարածէ ո՛չ միայն Ուքրաինայի, այլ նաեւ Կովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի, Ափրիկէի մէջ՝ վերջինիս պարագային «Վակներ» խումբին կողմէ միջամտութեամբ։

(…) Ինչպէ՞ս կրնանք հաւատալ, որ Կովկասի մարտահրաւէրները, ինչպէս քիչ առաջ նկարագրեցի՝ կրնան յաղթահարուիլ նոր-գաղութատիրական Ռուսաստանի կողմէ։ Ես սա կ՚ըսեմ իմ ընկերոջ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ, որու կողքին կը շարունակենք ըլլալ եւ գործել”,– յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը։