Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻՒՆԻԽ – Փաշինեան, Ալիեւ եւ Ղարիպաշվիլի մասնակցած են Հարաւային Կովկասի ապահովութեան նիւթին շուրջ առանձին քննարկումին

Միւնիխի ապահովութեան հարցերուն նուիրուած համաժողովի շրջանակին մէջ, Փետրուար 18-ին տեղի ունեցած է Հարաւային Կովկասի ապահովութեան նիւթին շուրջ առանձին քննարկում մը,  մասնակցութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի։

Քննարկման, զոր վարած է համաժողովի նախագահ, դեսպան Քրիսթոֆ Հոսկէն,մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարուհի Հելկա Մարիա Շմիթ։

Փաշինեանի պատասխանը Ալիևին՝ «Լեռնային Ղարաբաղ եզրը կայ, և անոր տակ ստորագրած է նաեւ Ալիեւ»

Քննարկման ընթացքին Ալիեւ պնդած է, թէ «Լեռնային Ղարաբաղ» եզրը այլեւս հինցած է  եւ պէտք չէ օգտագործուի։ Ի պատասխան անոր այս պնդումին, վարչապետ Փաշինեան  յայտարարած է. “Լեռնային Ղարաբաղ եզրը գոյութիւն ունի եւ ան գրուած է 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագրին մէջ, որու տակ ստորագրած է Իլհամ Ալիեւը։ Այնտեղ կայ նաեւ Լաչինի միջանցք եզրը, որ պէտք չէ ըլլայ Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ”։

“Արդէն 70 օր է, որ այդ միջանցքը փակ է, եւ դժբախտաբար, մենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ ունինք։ Ինչպէս նաեւ այնտեղ ուժանիւթի ճգնաժամ կայ, որովհետեւ խաթարուած են ելեկտրականութեան, ինչպէս նաեւ կազի մատակարարումները՝ Լեռնային Ղարաբաղ։ Վերջին 70 օրերու ընթացքին 10 անգամ խզուած է Լեռնային Ղարաբաղի կազամատակարարումը։ Սա խնդիր մըն է, որ պէտք է հասցէագրուի”,– շարունակած է վարչապետը։

Ան աւելցուցած է, որ Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ յստակ կարգաւորումներ եղած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագրին մէջ։ Հոն նշուած է, որ Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի խաղաղապահներու պարտականութիւնն է ապահովել ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով, բայց հիմա բացարձակապէս հակառակ կացութիւնը ստեղծուած է։

Վարչապետը ընդգծած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է իր ուշադրութեան կեդրոնը պահէ այս իրավիճակը, որովհետեւ շարունակուելու պարագային անշրջելի մարդասիրական հետեւանքներ կրնան յառաջանալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող Հայերուն համար։

Փաշինեան պատասխանած է նաեւ Ալիեւի պնդումին, թէ Լաչինի միջանցքը շրջափակուած չէ։ Հայաստանի վարչապետը յիշեցուցած է՝ ազերպայճանցի «բնապահ»-ները ինչպէս հանրակառքին մէջ վախցուցին հայ երախաները, որոնք Հայաստանէն տուն կը վերադառնային։ “Եւ այդ Լաչինի միջանցքով անցնելու Հայերու վերջին փորձն էր”,– եզդակացուցած է վարչապետը։

Ի վերջոյ պատասխանելով Ալիեւի յայտարարութեան, թէ Հայերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ոչնչացուցած են 67 մզկիթներէն 65-ը` Փաշինեան ըսած է. “Այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ Ազերպայճան կ՚ուզէ  կրօնական բնոյթ տալ հակամարտութեան։ 2017 թուականին Ազերպայճանի մէջ բազմաթիւ մզկիթներ աւերուած են, որպէսզի անոնց տեղը այլ շէնքեր կառուցուին։ Խորհրդային տարիներուն Ազերպայճանի մէջ աւերուած է աւելի քան 1500 մզկիթ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը պէտք չէ վճարեն խորհրդային ժամանակներու գինը”

Ալիեւ. «Պատրաստ ենք բանակցելու Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, եթէ ոճրագործ սակաւապետ Վարդանեան մեկնի մեր հողերէն»

Քննարկման վերջաւորութեան խօսք առնելով՝ Ալիեւ յայտարարած է. “Մենք պատրաստ ենք բանակցելու Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս այսօր նախարար Պլինքընի առջեւ ալ ըսի հայ պաշտօնակիցիս (իմա՝ Փաշինեանին), միայն այն պայմանով, որ Ռուսաստանի քաղաքացի, ոճրագործ սակաւապետ, Եւրոպայի մէջ ապօրինի գումարներ օրինականացուցած (money laundering) Վարդանեան մեկնի մեր հողերէն»։

«ՆՅ» – Ինչպէ՞ս կարելի է մեկնաբանել ամբարտաւանութեան ու անհեթեթութեան գագաթնակէտը հասած մէկուն՝ նման յայտարարութիւնը։ Արդարեւ, Ռուբէն Վարդանեանին վերագրուած չորս ստորոգելիներէն եթէ զանց առնենք «Ռուսաստանի քաղաքացի»-ն, միւս երեքը՝ ոճրագործ, սակաւապետ, ապօրինի գումարներ օրինականացնող, կատարելապէս կը յատկանշեն այդ խօսքերուն հեղինակն իսկ, վրան գումարած նաեւ՝ բռնապետը։ 

Յամենայն դէպս, Վարդանեանի մեկնումը որպէս նորօրեայ պայման ներկայացնելու Ալիեւի կեցուածքը յաղթանակ մըն է Արցախահայութեան համար։ Որովհետեւ, այդ կը նշանակէ, թէ Արցախի հայաթափման համար Պաքուի ի գործ դրած բոլոր խարդաւանանքները ցայսօր ի դերեւ ելած են եւ հիմա ակնյայտօրէն որդեգրուած է Արցախահայութեան մէջ այս կայծը նետելով՝ խռովութեան, պառակտումի բոցավառման յոյսով չար նպատակին հասնելու ռազմավարութիւնը։