Յունիս 28-ին, դատաւոր Մասիս Մելքոնեանի կայացուցած որոշումով Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան երկու ամիս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Այս նոյն դատաւորին որոշումով երեք օր առաջ բանտարկուեցաւ նաեւ Բագրատ արք. Գալստանեան։
«Բացայայտ ապօրինի, անհիմն որոշում կայացուց դատարանը։ Միքայէլ սրբազանին տեսակցութիւններն ալ սահմանափակուած են։ Ան հաւանաբար կը բանտարկուի Նուբարաշէնի բանտին մէջ»,– յայտնեցին Սրբազանին պաշտպանները՝ դատարանին առջեւ համախմբուած քաղաքացիներուն, որոնք «ամօ՛թ», «ամ՛օթ» կը վանկարկէին։
Քննչական կոմիտէն Շիրակի թեմի առաջնորդը կ՚ամբաստանէ զանգուածային լրասփիւռներուն հետ ասուլիսներու ընթացքին իշխանութիւնը բռնագրաւելու եւ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու ուղղուած հրապարակային կոչերու յօդուածով՝ 2024-ին հրապարակուած հարցազրոյցի մը հետքերով:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։