Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական նոր պատուիրակ նշանակուած է գեր. Մաուրիցիօ եպիսկ. Մալվեսթիթի

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայր Լեւոն արք. Զէքիեանի հրաժարումէն ետք՝ Մխիթարեան միաբանութեան Պապական պատուիրակի թափուր մնացած պաշտօնին նշանակուած է նոր պատուիրակ։ Ստորեւ Միաբանութեան դիւանին՝ այս մասին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութիւնը.- 

«Հռոմի Քահանայապետ՝ Փրանկիսկոս պապի տնօրինումով, ի տես Ընդհանրական աբբահօր եւ վարչականներու մօտալուտ ընտրական  ժողովին, Մխիթարեան միաբանութեան նոր Քահանայապետական պատուիրակ նշանակուեցաւ գեր. Մաուրիցիօ  Մալվեսթիթի, Լոտի քաղաքի եպիսկոպոս։ Ի տարբերութիւն նախորդ Պատուիրակին՝ Լեւոն արք. Զէքիեանի, իրեն խորհրդատու տրուեցան  Մխիթարեան միաբաններ՝ հ. Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան եւ հ. Սերովբէ վրդ. Չամուրլեան։ Քարտուղարն է հ. Համազասպ վրդ. Քէշիշեան եւ մատակարար՝ հ. Նարեկ վրդ. Տատուրեան։

Նոր Պատուրիակն ու օգնական Հայրերը կոչուած են լուծումներ գտնելու Միաբանութեան առկախ հարցերուն, բոլոր միաբաններուն հետ միասին Սահմանադրութիւնը վերատեսնելու եւ կատարելու ընտրական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։

Լիայոյս ենք որ Մխիթարի տան արեւաբոյր ցայգալոյսը հրճուանքի պատճառ դառնայ համայն հայորդիներուն եւ բարեմաղթութիւն հայազգի վերելքին։

ԴԻՒԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ»