Ապրիլ 10-ին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի 221-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, անդամ պետութիւններու միաձայն որոշումով, 12-րդ դարու հայ մեծանուն մտածող, գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր եւ մանկավարժ Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»-ը արձանագրուեցաւ Աշխարհի յիշողութեան մատեանին (Memory of the World Register) մէջ:
Դիմումը մշակուած եւ ներկայացուած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկին կողմէ:
Աշխարհի յիշողութեան մատեանը կ՚ընդգրկէ մարդկութեան համար բացառիկ կարեւորութիւն եւ արժէք ներկայացնող փաստաթուղթեր, ձեռագրեր, տեսաձայնային նիւթեր, գրադարանային հաւաքածոներ եւ արխիւներ, ներառեալ՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանի հին ձեռագրերու հաւաքածոն, աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի ծիրկաթնեաներու ուսումնասիրութիւնը (կամ Բիւրականի առաջին ուսումնասիրութիւնը), երգահան Արամ Խաչատրեանի ձեռագիր ձայնանիշերու եւ ֆիլմերու երաժշտութեան հաւաքածոն եւ Կոմիտաս վարդապետի գործերու ժողովածուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։