Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄՈՍԿՈՒԱ – Լաւրով-Միրզոյեան հանդիպում

Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Սեպտեմբեր 5-ին հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Կողմերը քննարկած են նախագահ Փութինի՝ Հայաստան նախատեսուած պետական այցին եւ Երեւանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի կազմակերպման վերաբերող հարցեր։

«Հանդիպումին՝ Միրզոյեան եւ Լաւրով անդրադարձած են հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող շարք մը հարցերու, ներառեալ` առեւտրատնտեսական եւ գիտամշակութային բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան»,– նշուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

«Զրուցակիցները քննարկած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան խնդիրներու լայն շրջանակ: Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու, շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման աշխատանքներու վերաբերեալ:

Հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող հարցերու:

Արարատ Միրզոյեան կարեւոր նկատած է ռուսական կողմի, այդ շարքին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակին մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն եւ համապարփակ լուծման ուղղուած ջանքերը»,– նշուած է նոյն հաղորդագրութեան մէջ: