Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄՈՍԿՈՒԱ – Միրզոյեան՝ Լաւրովի հետ հանդիպումին ըսած է. «Ազերպայճանի նպատակը Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացնելն է»

Մարտ 20-ին, Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումին՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, թէ Ազերպայճան կ՚ուզէ Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացնել։

Ան ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը առաւել սրողը Ազերպայճանի յարձակողական հռետորաբանութիւնն է, որ կը դրսեւորուի ամէնէն բարձր մակարդակով եւ ազերպայճանական կողմի շարունակուող ռազմական գրգռութիւններով ո՛չ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ։

“Բերձորի միջանցքի փակումով՝ Ազերպայճան կը խախտէ եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւնները։ Արցախի ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարման խափանումները կը վկայեն Պաքուի նպատակներուն մասին․  խօսքը կը վերաբերի Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացնելուն”,– նշած է Միրզոյեան։

Ան աւելցուցած է, որ այդ ենթահողին վրայ առաւել կը շեշտուի գոյացած համաձայնութիւնները գործադրելու հրամայականը, ներառեալ՝ Բերձորի միջանցքին ապաշրջափակումը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը յիշատակած է նաեւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան ատեանին որոշումը, որ Ազերպայճանին կը պարտադրէ ապահովել մարդոց, երթեւեկի միջոցներու եւ բեռներու ազատ տեղաշարժը՝ Բերձորի միջանցքով։

Միրզոյեան ցաւով նշած է, որ գործնականին մէջ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ որեւէ կէտ չկայ, որ Ազերպայճան խախտած չըլլայ, թուարկելով հրադադարի պարբերական խախտումները, Հայաստանի տարածքներու բռնագրաւումը, Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակումը, Հայ ռազմագերիները ապօրինինաբար բանտարկելը, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման արգելք հանդիսանալը, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային ենթակառոյցներու ստեղծումը խաթարելը, որու հետեւանքով հայ գաղթականները չեն կրնար վերադառնալ այն բնակավայրերը, որոնք 44-օրեայ պատերազմին անցած են Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ։

“Ազերպայճանական կողմը իր գրգռութիւններով կը հարուածէ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը։  Այս իրադրութեան մէջ կ՚ուզեմ ընդգծել  Հայաստանի դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կողմէ աշխուժ քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Ազերպայճան կատարէ իր պարտաւորութիւնները եւ դադրեցնէ ուժի գործադրման կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկման գործողութիւնները”,– ըսած է Միրզոյեան։

 

Սերկէյ Լաւրով առաջնահերթ կը համարէ Բերձորի միջանցքի հարցին լուծումը

Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Ռուսաստանի համար առաջնահերթ խնդիրը Բերձորի միջանցքին եւ ընդհանրապէս Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորումն է։

“Մենք կասկած չունինք, որ Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւնները կը շարունակեն մնալ բոլոր որոշումներու իրականացման բանալին՝ ի շահ կացութեան կայունացման թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ռազմաքաղաքական, թէ՛ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն”,– շեշտած է ռուս դիւանագէտը, աւելցնելով, թէ Մոսկուա կը շարունակէ ամէն ձեւով աջակցիլ Հայաստանին եւ Ազերպայճանին՝ տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, Հայաստան-Ազերպայճան սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագրի հիմքերու համաձայնեցման հարցերուն մէջ։

Լաւրով. «Ամէնուն յայտնի է, որ 2020-ին կարելիութիւն կար աւելի շուտ դադրեցնելու պատերազմը, բայց ես ատիկա կը ձգեմ պատմաբաններուն»

Նոյն օրը, երկու նախարարներու գլուխ-գլխի հանդիպումէն ետք, կողմերը մասնացած են կազմակերպուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին։ Անդրադառնալով հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան, Լաւրով յայտարարած է, որ միշտ պէտք է կողմերու հաշտեցման ուղիներ ու շահերու հաւասարակշռութիւն փնտռել, եւ Ռուսաստան վարուեցաւ իբրեւ Հայաստանի դաշնակից եւ Ազերպայճանի ռազմավարական գործընկեր, երբ 2020-ին դադրեցուց պատերազմը:

“Չեմ ուզեր խորանալ պատմութեան մէջ, բայց ամէնուն յայտնի է, որ կարելիութիւն կար աւելի շուտ դադրեցնելու կրակը: Բայց ես սա կը ձգեմ պատմաբաններուն, որպէսզի անոնք ուսումնասիրեն, թէ այդ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ: Մենք կողմնակից ենք, որ խստօրէն, ամբողջ ծաւալով ու առանց որեւէ յանկարծակի քայլի կեանքի կոչուին Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու միջեւ գոյացած եռակողմ բոլոր համաձայնութիւնները՝ նախ 2020 Նոյեմբեր 9/10-ի գիշերը ստորագրուածը: Եւ Լաչինի (Բերձոր) միջանցքի խնդիրը պէտք է դիտարկուի բացառապէս այս համածիրին մէջ: Մի՛այն Լաչինի միջանցքին վերաբերող համաձայնութիւններու բոլոր երեսակներու ամբողջական, առանց բացառութեան կեանքի կոչումը կրնայ հանգուցալուծել ներկայի իրավիճակը: Եւ այդ հարցով ալ հիմա զբաղած են մեր խաղաղապահները”,– ընդգծած է Լաւրով։