Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄՈՍԿՈՒԱ – Միրզոյեան-Պայրամով տեսակցութիւնը

Մայիս 19-ին, Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրով տեղի ունեցած են բանակցութիւններ՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճեյհուն Պայրամովի միջեւ։

Նախարարները ներկայացուցած են իրենց դիրքորոշումները՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքի վերաբերեալ եւ շարունակած՝ «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագրի նախագծին շուրջ աշխատանքը։ Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում ա՛յն հարցերու վերաբերեալ, որոնց շուրջ տարակարծիք են կողմերը։

Անոնք գնահատած են բանակցութիւնները կազմակերպելու ռուսական կողմին ջանքերը։

Նախարարները նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցած են Ռուսաստանի իրենց պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Լաւրով. «Հայաստան եւ Ազերպայճան հաստատած են, որ առանց Ղարաբաղի անվտանգութեան ապահովման շատ դժուար է յառաջ ընթանալ»

Մայիս 19-ին, Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ հանդիպումէն ետք, Ռուսաստանի Արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Հայաստան եւ Ազերպայճան հաստատած են, որ առանց Ղարաբաղի եւ հայ-ազերպայճանական սահմանի անվտանգութեան ապահովման ու իրավիճակի ընդհանուր բարելաւման՝ դժուար է յառաջ մղել խաղաղութեան պայմանագրի ծրագիրը։