Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄՈՍԿՈՒԱ. Նախագահներ Մաքրոն եւ Փութին անդրադարձած են Արցախեան հարցին

Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի նախագահներ Էմանիւէլ Մաքրոն եւ Վլատիմիր Փութին Փետրուար 7-ին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումին քննարկած են նաեւ Արցախեան հակամարտութեան լուծման հարցը եւ կարեւորութեամբ ընդգծած այդ ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի նամանախագահներու գործունէութիւնը։

“Մենք վերահաստատեցինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութեան կարևորութիւնը, ներառեալ՝ ընթացիկ մարդասիրական և ընկերային-տնտեսալան խնդիրներու կարգաւորման առումով”,– ըսած է Փութին, հանդիպման աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին։

Նախագահ Մաքրոն, իր կարգին, անդրադառնալով Հայաստանի և Ազէրպայճանի միջև հակամարտութեան, ողջունած է ութ հայ ռազմագերիներու Հայաստան վերադարձը եւ յիշեցուցած, թէ Փետրուար 4-ին կայացած քառակողմ տեսաժողովին քննարկուած են անհետացածներուն եւ ռազմագերիներուն առնչուող հարցերը: