Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Հայաստանի արուեստի դպրոցներու աշակերտական ցուցահանդէսը՝ Աթէնքի մէջ

Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Աթէնքի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ, Աթէնքի մէջ բացուած է Հայաստանի արուեստի դպրոցներու աշակերտական  ցուցահանդէսը:

«Յունական եւ հայկական դիցաբանութիւնը երեխաներու աչքերով» վերնագրով ցուցահանդէսին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է «Մերքուրի» մշակութային հիմնադրամի յարկին տակ՝ «Universe Art» միջազգային մրցոյթ-փառատօնի շրջանակին մէջ:

Ներկայացուած են 5–18 տարեկաններու շուրջ 100 նկարներ:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Աթէնքի մշակոյթի, մարզանքի եւ երիտասարդութեան կազմակերպութեան նախագահ Էլենի Զոնտիրուի, Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպիսկոպոս Առաքելեան, Universe Art միջազգային փառատօնի նախագահ Աննա Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ մրցոյթին մասնակից աշակերտներ՝ Հայաստանէն, Աթէնքի մէջ գործող յունահայ կրթական հաստատութիւններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ քաղաքապետութեան ներկայացուցիչներ:

Փառատօնի նախագահուհին իր խօսքին մէջ ներկայացուցած է փառատօնին պատմութիւնը եւ միջազգային նշանակութիւնը:

Ձեռնարկը աւարտած է Աթէնքի մէջ գործող «Աւետիս» հայկական պարային համոյթի տպաւորիչ ներկայացումով: