Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ – Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը՝ վանդալական արարքի թիրախ

 

Մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»-էն կը տեղեկանանք, թէ քանի մը օր առաջ Աթէնքի հարաւի Նէա Զմիռնի քաղաքի «Խրիսոսթոմու Զմիռնիս» հրապարակին վրայ  գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողը, որ ծանօթ է «Զանգակ» անունով, անծանօթներու կողմէ վանդալական արարքի թիրախ հանդիսացած է։ Մետաղեայ յուշարձանին վրայ գտնուող սուրին կոթը կոտրուած եւ գողցուած է։

Նկարին մէջ կ՚երեւի սուրի վերի մասին վրայ կատարուած աւերը։ 

Նշենք, թէ այս յուշարձանը երկրորդ անգամն է, որ կը պղծուի։ Այժմ աշխատանք կը տարուի վերանորոգելու կոտրուած սուրի բաժինը։