Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Սեւան Նշանեան ազատ կ՚արձակուի։
«Յունուար 7-ին, Սամոսի վարչական դատարանը Սեւան Նշանեանը ազատ արձակելու որոշում կայացուցած է։ Այս որոշումին համաձայն՝ ան պարտաւոր է կամաւոր հեռանալու Յունաստանէն՝ 15 օրուան ընթացքին։ Նկատի ունենալով որ Նշանեան ՀՀ քաղաքացի է, եթէ կ՚ուզէ՝ կրնայ մեկնիլ Հայաստան»,– նշուած է դեսպանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Յունաստանի արդարադատութեան այս որոշումէն ետք, Նշանեան Դիմագիրքի իր էջին կատարած գրառումով նշած է, որ իր ազատ արձակման համար Հայաստանի դեսպանատունը եւ յա՛տկապէս դեսպան Տիգրան Մկրտչեան անհաւատալի ջանքեր գործադրած են։ «Ան օր ու գիշեր աշխատեցաւ, երբեք զիս մինակ չթողեց։ Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով զգացի, որ իմ թիկունքին պետութիւն մը կանգնած է՝ անվերապահ եւ անվարան։ Շատ տարբեր, աղուո՛ր զգացում մը, որուն ծանօթ չէի»,– գրած է ան։ Նշանեան նաև նշած է, որ կարելի է ստիպուած ըլլայ որոշ ժամանակ մեկնիլ երկրէն (իմա՝ Յունաստանէն – «ՆՅ») եւ «թերեւս ապրիլ Հայաստան, թերեւս՝ այլ տեղ»:
Նշենք, որ Սեւան Նշանեանի կինը՝ Իրա Ցուրու, Յունուար 1-ին ահազանգած էր, թէ Յունաստան կը պատրաստուի Հայաստանի քաղաքացի Նշանեանը Թուրքիա արտաքսելու որոշում կայացնելու։
Նշանեան թրքական բանտէն փախուստի դիմած էր 2017 Յուլիս 14-ին եւ ապաստանած՝ Յունաստան, ուր 2019 Մայիսին ան Հայաստանի անձնագիր ստացած էր Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն։
Ցուրու գրած էր, թէ 2021 Դեկտեմբեր 29-ին Յունաստանի կառավարութիւնը, չվերականգնելով Սեւան Նշանեանի՝ Յունաստանի քաղաքացիի հետ ամուսնացած ըլլալու ուժով ձեռք բերուած կեցութեան իրաւունքը, Դեկտեմբեր 30-ին «քաղաքավարի» խարդախութեամբ զինք ոստիկանական բաժանմունք հրաւիրած եւ մէկ ժամ սպասցնելէ ետք, կեցութեան կարգավիճակի պայմանաժամուն օր մը առաջ լրացած ըլլալուն պատրուակով՝ ձերբակալած է իր ամուսինը։
«2022 Յունուար 3-ին Սամոսի դատարանը զայն երկրէն արտաքսելու որոշում պիտի կայացնէ։ Դատարանի որոշումով պիտի պարզուի, թէ դէպի ո՞ր երկիրը պիտի արտաքսուի Նշանեան»,–տեղեկացուցած էր Իրա Ցուրու։ Ան աւելցուցած էր, թէ բանտի պայմանները շատ գէշ են, իսկ իր ամուսինը ունի առողջական խնդիրներ։ Ցուրու նաեւ մտահոգութիւն յայտնած էր, թէ հայկական կողմի չմիջամտելու պարագային՝ իր ամուսինը կրնան Թուրքիա արտաքսել։