Պոլսահայ նշանաւոր լեզուաբան Սեւան Նշանեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է, թէ արդէն հեռացած է Յունաստանէն եւ այժմ Փարիզ կը գտնուի։ Այնուհետեւ կը մեկնի Հայաստան, որոշ ժամանակի մը համար։
Յիշեցնենք, թէ Յունաստանի իշխանութիւնները Նշանեանի նկատմամբ արտաքսման որոշում կայացուցած էին, հակառակ անոր որ ան ամուսնացած էր Յունաստանի քաղաքացիի մը հետ։ ■