Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նախագահ Մաքրոն Ալիեւին կոչ ըրած է ապահովելու Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ ազատ տեղաշարժը

 

Դեկտեմբեր 23-ին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային զրոյցին վերջինիս կոչ ըրած է ապահովելու Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ ազատ տեղաշարժը։ Լուրը կը հաղորդէ Agence France-Presse՝ յղում ընելով Էլիզէի պալատի հրապարակած հաղորդագրութեան։

«Հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Հարաւային Կովկասի մէջ նոր լարումին կապակցութեամբ, Ալիեւին կոչ ընելով ապահովելու ազատ տեղաշարժը՝ Բերձորի միջանցքի ամբողջ երկայնքին»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։