Մարտ 31-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ ընդլայնուած կազմով Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարուած է։
Նիստին քննարկուած են Ազերպայճանի՝ Արցախի շրջափակման օղակը սեղմելուն եւ չդադրող գրգռութիւններու պայմաններու տակ Հանրապետութեան պաշտպանութեան, բնակչութեան անվտանգութեան եւ կենսագործունէութեան ապահովման առնչուող հարցեր։ Զեկոյցներով հանդէս եկած են Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան եւ Պաշտպանութեան նախարար, զօրավար Կամօ Վարդանեան։
Նախագահ Յարութիւնեան ընդգծած է ուժային եւ քաղաքացիական կառոյցներու, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու սերտ ու համակարգուած գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ հրատապ եւ մնայուն խնդիրներու լուծման համար։