Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նարինէ Նազարեան «Արմէնփրէս»-ի տնօրէնուհի նշանակուած է 

«Արմէնփրէս» պետական լրատու գործակալութեան տնօրէնուհի նշանակուած է Նարինէ Նազարեան:  

Ան մասնագիտութեամբ հոգեբան է. լրատւութեան մարզին մէջ աւելի քան 18 տարուան փորձառութիւն ունի։ 17 տարի աշխատած է «Արմէնփրէս»-ի մէջ՝ եօթը տարի վարելով ընկերութեան տնօրէնի տեղակալի, իսկ 2011-2021 թուականներուն՝ լրասփիւռի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը:

Նարինէ Նազարեան «Արմէնփրէս»-ի 103-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին կին ղեկավարն է: