Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նենսի Փելոզի շաբաթավերջին Հայաստան կ՚երթայ առ ի զօրակցութիւն

 

Ըստ Politico թերթին՝ ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու տան նախագահուհի Նենսի Փելոսի շաբաթավերջին Երեւան պիտի երթայ առ ի զօրակցութիւն՝ Ազերպայճանի յարձակման ենթարկուած Հայաստանին։

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանատունը դեռ չէ հաստատած լուրը։

Ըստ ամերիկեան լրասփիւռին՝ կը նախատեսուի, որ Փելոզի Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունենայ վարչապետ Փաշինեանի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան այլ պաշտօնեաներու հետ։

ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու տան նախագահուհիին աշխատակազմէն ալ՝ տեղեկութիւնը ոչ հաստատած, ոչ ալ հերքած են։