ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ – Արա Կիւլէրի լուսանկարներու ցուցահանդէս Ամսթերտամի մէջ

Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը յղում կատարելով Անատոլու գործակալութեան, կը հաղորդէ որ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի լուսանկարչական ցուցահանդէսին բացումը կատարուած է Ամսթերտամի մէջ։ Ցուցահանդէսը կը կրէ «Արա Կիւլէր. լոյսի ու ստուերի խաղը» խորագիրը։

Այս ձեռնարկը կազմակերպուած է «Ֆոամ լուսանկարչական թանգարան»-ին, «Արա Կիւլէր թանգարան»-ին եւ «Փոլատ աշխատանոց»-ին կողմէ։

Ցուցահանդէսի համակարգողներէն Եասէմին Պաղճը յայտնած է, որ այս մէկը Արա Կիւլէրի աշխատանքներուն նուիրուած ամենամեծ ցուցահանդէսն է, որ կը կազմակերպուի Նետերլանտներու մէջ. ան կը ներառէ լուսանկարներ, որոնք առաջին անգամ կը ցուցադրուին, տեղ տրուած է նաեւ Կիւլէրի այն ստեղծագործութիւններուն, որոնք իր այցեքարտը դարձած են աշխարհի մէջ։