Շաբաթ, Մայիս 7-ին, Նետերլանտներու Ալմելօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նոր կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, Կեդր. վարչութեան անդամ Ֆէտի Խաժակ Գազանճեանի, եկեղեցական, ազգային մարմիններուն եւ համայնքի մեծաթիւ անդամներուն։
Բացման հանդիսութեան ընթացքին, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդր. վարչութեան կողմէ «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրուած է Օննիկ Գելիչի, իսկ Մեկուսի շրջանին կողմէ «Ծառայութեան» շքանշանի արժանացած է Փայլակ Աւետիսեան։ Յուշանուէրներ յանձնուած են նաեւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի գործունէութեան սատար հանդիսացող ազգայիններուն։